Նոր Զելանտայի Օքլընտ քաղաքի հանրային խանութներէն մէկուն մէջ երէկ այցելուներէն մէկը դանակով յարձակեցաւ յաճախորդներու վրայ:
Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան վեց վիրաւորներ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է:
Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտեռն կատարուածը կոչեց ահաբեկչութիւն: «Յարձակումի հեղինակ սերելանքացին յարձակումը գործեց ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զօրակցող գաղափարաբանութենէ մեկնելով»: