Քիեւին զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները կրնան Ուքրանիոյ անկանխատեսելի գործողութիւններու պատճառ ըլլալ երկրի հարաւ-արեւելքին մէջ տագնապի ուժային լուծման փորձերու առումով: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Ատիկա շատ վտանգաւոր է», Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է ան:
Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը` Փեսքով նշած է, որ Քրեմլինի մէջ եւս չեն լսած Միացեալ Նահանգներէն Ուքրանիոյ ուղղուած ցանկութիւններ` Մինսքի համաձայնութիւններու կատարման առումով: «Մենք այդ մասին ոչ մէկ բառ լսած ենք», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:
Փեսքով նաեւ մատնանշած է Քիեւի եւրատլանտեան ձգտումներն ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ այդ ցանկութիւնը ողջունելու կարողական պատրաստակամութիւնը:
«Մենք, ի հարկէ, ուշադրութիւն դարձուցած ենք Ուքրանիոյ եւրատլանտեան ձգտումներու նիւթին, այսինքն` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու Ուքրանիոյ ցանկութիւնը եւ ամերիկացիներուն կողմէ այդ ցանկութիւնը ողջունելու կարողական պատրաստակամութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը բազմիցս արտայայտած է մեր շատ յստակ ու հասկնալի հետեւողական դիրքորոշումը մեր սահմաններուն վրայ ՕԹԱՆ-ի զինուորական ենթակառոյցին վերաբերեալ. ատիկա այն է, ինչ որ մեզի համար բոլորովին հաճելի չէ», ըսած է Փեսքով լրագրողներուն:
Զելենսքի 31 օգոստոսին Պայտընի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ գացած է: Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ բանակցութիւնները, ան հանդիպում ունեցած է ուժանիւթի նախարար Ճենիֆըր Կրենհոլմի եւ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինի հետ:
1 օգոստոսին, Զելենսքիի հետ հանդիպումի ընթացքին Պայտըն խօսած է «ռուսական յարձակումին դէմ» Ուքրանիոյ գերիշխանութեան աջակցելու` Միացեալ Նահանգներու «հաստատակամութեան» մասին: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ յոյս ունի ապագային դարձեալ Ուքրանիա այցելել:
Փեսքով պատասխանալով Աֆղանիստանի հարցով Փութին-Պայտըն բանակցութիւններու հաւանականութեան մասին լրագրողի մը հարցումին ըսած է. «Տակաւին նման ծրագիրներ չկան: Ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուին, եւ կարծիքներ կը փոխանակուին այն հարցին շուրջ, թէ Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը ինչպէ՛ս կը զարգանայ: Սակայն բարձրագոյն մակարդակով որեւէ հաղորդակցութիւն չի նախատեսուիր»: