Ազրպէյճանն ու Ռուսիան կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան առնչուած լրացուցիչ իրաւական գործիքակազմեր: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Ինչ կը վերաբերի խաղաղապահներու լիազօրութեան վերաբերեալ լրացուցիչ համաձայնագիրներուն եւ լրացուցիչ իրաւական գործիքակազմերուն, ապա այդ առնչութեամբ կողմերուն միջեւ եղած են նախնական հաղորդակցութիւններ եւ որոշակի քննարկումներ տակաւին կը շարունակուին», ըսած է Հաճիեւ:
Ան ընդգծած է, որ ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնն ու գործողութիւնները կը կատարուին 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, զոր ստորագրած են Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները:
Հաճիեւ ըսած է, որ եռակողմ յայտարարութիւնը խաղաղարար ուժերուն համար կը սահմանէ «քաղաքական եւ որոշակի չափով իրաւական շրջանակ»:



