Միջազգային

Թուրքիան Եւ Եգիպտոսը Նոր Քայլ Կատարած Են`  Վերականգնելու Յարաբերութիւնները

Թուրքիան Եւ Եգիպտոսը Նոր Քայլ Կատարած Են` Վերականգնելու Յարաբերութիւնները

Թուրքիան 7 եւ 8 սեպտեմբերին Եգիպտոսի դիւանագիտական պատուիրակութիւնը հրաւիրած է Անգարա` երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր քննարկելու համար: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ 1 սեպտեմբերին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հանդիպումը, որ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղուած դիւանագիտական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը, պիտի գլխաւորեն Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու տեղակալներ Համտի Լոզան եւ Սետաթ Էօնալը: «Բանակցութիւններու...

«Ղարաբաղի Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող  Սարքերու Յաջողութիւնը Այսօր Ամբողջ  Աշխարհի Շուրթերուն Վրայ Է»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ղարաբաղի Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Յաջողութիւնը Այսօր Ամբողջ Աշխարհի Շուրթերուն Վրայ Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանին մէջ ծովուժի եւ օդուժի ակադեմիայի շրջանաւարտներու աւարտական ձեռնարկին ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յիշեցուցած է Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը` Սուրիայէն մինչեւ Ղարաբաղի տագնապի բազմաթիւ գօտիներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին...

Մեկնաբանելով Աֆղանիստանի Մէջ  Ստեղծուած Կացութիւնը`  «Պէտք Է Հասկնալ, Որ Դուրսէն Անկարելի Է  Որեւէ Բան Պարտադրել»  Կ՛ըսէ Փութին

Մեկնաբանելով Աֆղանիստանի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը` «Պէտք Է Հասկնալ, Որ Դուրսէն Անկարելի Է Որեւէ Բան Պարտադրել» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, մեկնաբանելով Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութիւնը, յայտարարած է, որ կարելի չէ դուրսէն որեւէ բան պարտադրել, պէտք է օգնել եւ սպասել այն պահուն, երբ կացութիւնը կը հասուննայ: «Դէպքերը, որոնք տեղի կ՛ունենան, մեզմէ հեռու չեն…ըսել կ՛ուզեմ` Աֆղանիստանը: Ամերիկեան ուժերը այդ շրջանին մէջ ներկայ էին, եւ 20 տարի փորձեցին այդտեղ ապրող մարդող քաղաքակիրթ բնոյթ հաղորդել: Իրականութեան մէջ, ներկայացնելու իրենց արժեչափերը...

«Ռուսիան Բազմիցս Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Է Վերականգնելու Վրաստանի Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Բազմիցս Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Վերականգնելու Վրաստանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Վրաստանի հետ պաշտօնական միջպետական դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան: «Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, մենք գործնականին մէջ յարաբերութիւններ չունինք: Անոնք, ըստ էութեան, խզուած են Թիֆլիսի նախաձեռնութեամբ: Մենք մէկ անգամ չէ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած ենք վերականգնելու զանոնք», ըսած է Լաւրով: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը...

Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Արցախի Հարցով  Եռակողմ Յայտարարութիւններու  Իրագործման Ընթացքը

Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Արցախի Հարցով Եռակողմ Յայտարարութիւններու Իրագործման Ընթացքը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ երէկ իր ազրպէյճանցի գործընկեր Խալաֆ Խալաֆովի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` Արցախի հարցով եռակողմ յայտարարութեան իրականացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Կարծիքներու փոխանակման ժամանակ քննարկուած է երկկողմանի եւ շրջանային օրակարգին առնչուող արդիական հարցերու համալիրը, ներառեալ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 9...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Վարկածային Են Միացեալ Նահանգներու Յայտարարութիւնները` «Քորոնա»-ի Չինական Ծագման Մասին»

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Հետեւի «Քորոնա»-ի Նոր Տարբերակին

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ կը հետեւի «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի մը, որ «Մու» կը կոչուի եւ առաջին անգամ յունուարին նկատուած է Քոլոմպիոյ մէջ: Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ «Պի.1.621» գիտական անունը կրող նոր տարբերակը առայժմ կը գտնուի «Տարբերակ մը, որուն պէտք է հետեւիլ» դասակարգին մէջ: Ըստ կազմակերպութեան, այս տարբերակը կրնայ պատուաստներու դիմադրականութիւն ունենալ, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ զայն յաւելեալ ուսումնասիրութեան...

«Թալեպան Շարժումը Մտադիր Է Սպաննել Փանժշիր  Դիմադրութեան Ղեկավար Մասուտը»  Կ՛ըսէ Տաճիկիստանի Մէջ Աֆղանիստանի Դեսպանը

«Թալեպան Շարժումը Մտադիր Է Սպաննել Փանժշիր Դիմադրութեան Ղեկավար Մասուտը» Կ՛ըսէ Տաճիկիստանի Մէջ Աֆղանիստանի Դեսպանը

Թալեպան շարժումը մտադիր է սպաննել Փանժշիրի մէջ գործող Աֆղանիստանի դիմադրութեան ճակատի գործող ղեկավար Ահմետ Մասուտը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Տաճիկիստանի մէջ Աֆղանիստանի դեսպան Մոհամետ Զոհիր Ակպար: «Թալեպանները երբեք չեն դիմեր անոնց (Փանժշիրի մէջ դիմադրութեան ղեկավարներուն) հետ բանակցութիւններու, անոնք քաղաքական գործիչներ չեն, այլ ահաբեկիչներ, որոնք տակաւին երեք տարի առաջ եղած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու...

Ուզպեքիստանն Ու Տաճիկիստանը Թերեւս  Մաս Կազմեն ԵԱՏՄ-ին,  Թուրքմենիստանը Չի Շտապեր

Ուզպեքիստանն Ու Տաճիկիստանը Թերեւս Մաս Կազմեն ԵԱՏՄ-ին, Թուրքմենիստանը Չի Շտապեր

Խըրխըզիստանը պիտի ուզէր Տաճիկիստանը, Ուզպեքիստանը եւ Թուրքմենիստանը տեսնել Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կազմին մէջ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է երկրի նախագահ Սատըր Ժապարովը: Խըրխըզիստանի վարչապետի նախկին խորհրդական Քուպաթպեք Ռահիմով բացատրած է, որ Ուզպեքիստանը ԵԱՏՄ-ի մէջ իբրեւ դէտ հետեւողական, փուլային շարժումներ կը կատարէ: Ատիկա աշխուժ մասնակցութիւն է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդներու, բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդներու (ուր նախագահները կը հաւաքուին) նիստերուն,...

ՕԹԱՆ. «Տոնպասի Մէջ Տիրող Տագնապը  Չի Խանգարեր Ուքրանիոյ Դաշինք Մտնելուն»

ՕԹԱՆ. «Տոնպասի Մէջ Տիրող Տագնապը Չի Խանգարեր Ուքրանիոյ Դաշինք Մտնելուն»

Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ տիրող տագնապը պիտի չխոչընդոտէ երկրի` ՕԹԱՆ-ին միանալուն, որովհետեւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի համաձայնագիրին մէջ չկայ կէտ, որ ատիկա չ՛արտօներ: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցչութեան ղեկավար Ալեքսանտր Վիեննիքով: Ան յայտնած է, որ Ուքրանիան մտադիր է շարունակել ՕԹԱՆ-ի «համերաշխութեան եւ աջակցութեան քայլերը»` իբրեւ օրինակ բերելով Սեւ ծովուն մէջ կատարուող ռազմափորձերը: «ՕԹԱՆ-ի ուաշինկթընեան համաձայնագիրին մէջ...

Թալեպանները Կրկին Մեր (Մտքին) Մէջ

Թալեպանները Կը Յայտարարեն, Որ Միացեալ Նահանգներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Կ՛ուզեն

Թալեպան շարժումը պիտի ուզէր լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետը: «Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք», կը մէջբերէ անոր խօսքը Աֆղանիստանի «1Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Մուժահետ նշած է. «Աֆղանիստանը անկախութիւն ստացաւ այն բանէն ետք, երբ ամերիկեան զօրքերը հեռացան երկրէն»: «Միացեալ Նահանգներ պարտուեցան...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ռուս Նոր Համանախագահը  Հանդիպում Ունեցած Է Պայրամովի Հետ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ռուս Նոր Համանախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Պայրամովի Հետ

Պաքուի մէջ 30 օգոստոսին տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»-ը: «Հանդիպումի ընթացքին Պայրամովը Խովայեւին տեղեկացուցած է շրջանին մէջ կացութեան, յետհակամարտային փուլին մէջ Ազրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն, միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութեան մասին», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Կը...

Ռուսիան, Իրանը, Ազրպէյճանը Եւ Ղազախստանը  Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Կասպից Ծովուն Մէջ

Ռուսիան, Իրանը, Ազրպէյճանը Եւ Ղազախստանը Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Կասպից Ծովուն Մէջ

Սեպտեմբերի սկիզբը Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ղազախստանի նաւերը Կասպից ծովուն մէջ ծովուժի միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն «Ծովու բաժակ» մրցումի աւարտէն ետք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Կասպից նաւատորմիղի հրամանատարի տեղակալ Սերկէյ Եքիմով: «Ծովու բաժակ» մրցումի աւարտէն անմիջապէս ետք մենք պիտի կատարենք միացեալ վարժանքներ, որոնց պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Իրանի, Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի մարտանաւերը:...

Ապհայի Օդակայանին Վրայ Յարձակումի  Փորձ Մը 8 Վիրաւորներ Եւ Քաղաքային  Օդանաւի Մը Վնաս Պատճառեց

Ապհայի Օդակայանին Վրայ Յարձակումի Փորձ Մը 8 Վիրաւորներ Եւ Քաղաքային Օդանաւի Մը Վնաս Պատճառեց

Սէուտական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երեքշաբթի օր վնասազերծած են Հուսիներուն կողմէ արձակուած երկրորդ ականուած անօդաչու թռչող սարք մը, որ փորձած է յարձակում գործել Սէուտական Արաբիոյ Ապհայի միջազգային օդակայանին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն: Սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքը յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքի բեկորներուն պատճառով 8 անձեր վիրաւորուած են, ինչպէս նաեւ քաղաքային օդանաւ մը վնասուած է: «Հուսիներուն կողմէ 24 ժամուան ընթացքին...

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ  Բանակցութիւններու  4-րդ Նիստ Մը Պիտի Գումարենք»  Կ՛ըսէ Իրաքի Մէջ Իրանի Դեսպանը

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու 4-րդ Նիստ Մը Պիտի Գումարենք» Կ՛ըսէ Իրաքի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Իրաքի մէջ Իրանի դեսպան Իրժ Մասժիտի յայտնեց. «Իրաքեան կառավարութեան գործակցութեամբ Պաղտատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններու երեք նիստեր գումարեցինք, եւ չորրորդը պիտի գումարենք իրանեան նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք»: «Իրան մեծ եւ քաղաքակիրթ պետութիւն է, եւ պատրաստ է պետութիւններուն, որոնց շարքին Սէուտական Արաբիոյ հետ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ուղղութեամբ որեւէ տեսակի երկխօսութեան: Իրան երկխօսութեան ու խաղաղութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ իր ձեռքը...

«Թալեպան Շարժումը Քապուլի Օդակայանի  Կառավարման Հարցով  Կը Բանակցի Քաթարի Եւ Թուրքիոյ Հետ»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Թալեպան Շարժումը Քապուլի Օդակայանի Կառավարման Հարցով Կը Բանակցի Քաթարի Եւ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տրիան նշեց. «Թալեպան շարժումը Քապուլի օդակայանի կառավարման համար կը բանակցի Քաթարի եւ Թուրքիոյ հետ»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օդակայանի անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ որոշումը պէտք է գործադրուի, եւ պէտք է այդտեղ հասնելու անվտանգութիւնը պահանջենք», որպէսզի ճամբորդական թռիչքով Աֆղանիստանէն հեռանալ ուզողները կարողանան երկրէն...

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի  Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ  Կարեւորագոյնն Են»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ուաշինկթըն Առկախեց Աֆղանիստանի Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայութիւնը Եւ Դեսպանատունը Տեղափոխեց Քաթար» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ առկախած են Աֆղանիստանի մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայութիւնը եւ դեսպանատունը Քապուլէն տեղափոխած Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա` մատնանշելով երկրի «անվտանգային մշուշոտ մթնոլորտն ու քաղաքական կացութիւնը»: Պլինքըն նշեց, որ Քոնկրեսը այդ որոշումին մասին տեղեակ պիտի պահուի: Փենթակոնի` Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման ամբողջացումը յայտարարելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը...

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապը  Երբեք Խաղաղ Ճամբով Չէր Լուծուեր»

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապը Երբեք Խաղաղ Ճամբով Չէր Լուծուեր»

Յետպատերազմեան ժամանակահատուածը եւ միջազգային ուժերու գործողութիւնները կը վկայեն, թէ ղարաբաղեան տագնապը երբեք խաղաղ ճամբով չէր լուծուեր: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքին համաձայն, այս մասին Շուշիի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Ինչպէս յայտնի է, բանակցային հոլովոյթը տեւած է շուրջ երեսուն տարի, սակայն ոչ մէկ արդիւնք տուած է: Իրադարձութիւններու ներկայ ընթացքը եւ միջազգային ուժերու գործողութիւնները ցոյց կու տան,...

«Ուքրանիան Ռուսիոյ Սպառնալիք  Չի Ներկայացներ. Մենք Մէկ Ժողովուրդ Ենք»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Ուքրանիան Ռուսիոյ Սպառնալիք Չի Ներկայացներ. Մենք Մէկ Ժողովուրդ Ենք» Կ՛ըսէ Շոյկու

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ «Ուքրանիան Ռուսիոյ սպառնալիք չի ներկայացներ»` մատնանշելով ռուս եւ ուքրանացի ժողովուրդները իրար միացնող սերտ կապերը: «Չեմ ուզեր Ուքրանիոյ մասին իբրեւ սպառնալիք խօսիլ, որովհետեւ ուքրանացի ժողովուրդը եղբայրական ժողովուրդ կը նկատեմ: Ան ո՛չ միայն մեր դրացին է, այլ մենք մէկ ժողովուրդ ենք, եւ ատիկա նիւթ մըն է, որ չեմ ուզեր արծարծել», ըսաւ ան: «Մենք գիտենք, թէ...

Եւրոպական Միութիւնը Գաղթականներու  Ընդունման Համար Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ  Աֆղանիստանի Դրացի Երկիրներուն

Եւրոպական Միութիւնը Գաղթականներու Ընդունման Համար Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Աֆղանիստանի Դրացի Երկիրներուն

Եւրոպական Միութիւնը ելեւմտական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներուն` գաղթականները տեղաւորելու համար: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը տեղեկացնէ, որ 30 օգոստոսին «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել: «Եւրոպայի կարողութիւնները ունին իրենց սահմանները, առանց սերտ համագործակցութեան ոչինչ կարելի է ընել: Դրացի երկիրները հոլովոյթին...

Քըրպի. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերու  Ներկայութիւնը Պիտի Շարունակուի, Այնքան Ատեն  Որ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Սպառնալիք Գոյութիւն Ունի»

Փենթակոն. «Պիտի Շարունակենք Աֆղանիստանի Մէջ Սպառնալիքները Արագ Եւ Ուժեղ Կերպով Դիմակայել»

Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Փենթակոն լուրջի կ՛առնէ այն տեղեկութիւնները, թէ Քապուլի վրայ ամերիկեան օդային յարձակումին ընթացքին քաղաքային զոհեր եղած են, եւ կը հետաքննէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան օդային հարուածներուն մէջ քաղաքային զոհերու արձանագրման հարցը»: Ան նշեց, «Հրթիռները, որոնք թիրախ դարձուցին Քապուլի օդակայանը Աֆղանիստանէն տարհանման առաքելութեան վրայ չազդեցին»: Ան նշեց, որ աւելի քան 122 հազար անձեր, որոնց հինգ հազարը` ամերիկացիներ, հեռացուած...

Page 322 of 883 1 … 321 322 323 … 883

Արխիւներ