Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստանի Ութար Փրատեշ Նահանգին Մէջ Վերջերս Տարածուած Անյայտ Տենդին Պատճառով Դպրոցները Պիտի Փակուին

September 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հնդկաստանի հիւսիսային Ութար Փրատեշ նահանգի իշխանութիւնները հրահանգած են մինչեւ 6 սեպտեմբեր դպրոցներու մէջ ջնջել 1-8-րդ դասարաններու աշակերտներու համար բոլոր դասերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով տեղւոյն աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ պատճառը անյայտ տենդի տարածումն է:

Ախտանշաններով «Տենկէ» տենդին նմանող, սակայն մահերու աւելի մեծ ցուցանիշ ունեցող հիւանդութեան տարածման կեդրոնը Ֆիրոզապատ շրջանն է, ուր տարբեր տուեալներով մահացած են 40-50 մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են: Բացի ատկէ, մահուան դէպքեր արձանագրուած են նաեւ այլ շրջաններու մէջ:

Հիւանդութեան բնորոշ ախտանշաններն են բարձր տաքութիւնը, երակներուն մէջ արեան թանձրացման մակարդակի յանկարծակի անկումը եւ ջրազրկումը:

Շարք մը բժիշկներու կարծիքով` համաճարակին պատճառը կրնայ ըլլալ «Տենկէ» տենդին ծանր տեսակը: Այդ հիւանդութիւնը կը փոխանցուի մժեղներու միջոցով: Ներկայիս Հնդկաստանի մէջ Մուսոնային անձրեւներու շրջան է, որու ընթացքին մժեղներու քանակը կտրուկ կերպով կ՛աճի:

Յիշեցնենք, որ նախապէս հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, անյայտ հիւանդութեան պատճառով Ութար Փրատեշ նահանգին մէջ մէկ շաբթուան մէջ շուրջ 70 մահուան դէպք արձանագրուած է:

 

Նախորդը

Կարապետեան Եւ Մուրատով Քննարկած Են Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան Ընթացքը Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Քապուլի Մէջ Իր Ներկայութիւնը Ապահովէ» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.