Ամերիկեան եւ ռուսական բանակներու սպայակոյտերու պետերը չորեքշաբթի օր Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ վեց ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցած են:
Ասիկա անոնց միջեւ 2019 թուականէն ի վեր առաջին ուղղակի հանդիպումն էր, մինչ երկու երկիրները կը յարմարին Աֆղանիստանէն Միացեալ Նահանգներու ուժերու հեռացման եւ Թալեպան շարժումին երկրին վերատիրացման:
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարք Միլի եւ ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Քերասիմով չբացայայտեցին իրենց հանդիպումին մանրամասնութիւնները, երկու կողմերուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները շատ հակիրճ էին:
Ամերիկեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը տեղեկութիւն կը բովանդակէր ժողովի տեւողութեան մասին, սակայն ոչ օրակարգի մասին, սակայն կը նշէ, թէ բանակցութիւններուն նպատակը «գործողութիւններու մակարդակի վրայ վտանգներու սահմանափակումն ու բախումէ խուսափումն է»:
Ռուսական լրատուամիջոցները նշեցին, որ ժողովին նպատակը վտանգներու մեղմացման կարելիութիւններու քննարկումն էր: