Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Որոշուեցաւ Ֆրանսայի հետ խոր քննարկումներ կատարել, եւ յանձնառու ենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ այդ հարցով սերտօրէն աշխատելու»:
«Ֆրանսայի հետ կապերու վերակառուցումը ժամանակի եւ ծանր աշխատանքի պիտի կարօտի», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Քսաններու խմբակին հետ երէկուան մեր ժողովներուն ընթացքին Աֆղանիստանի վրայ կեդրոնացանք, միջազգային ընտանիքին մեր պատգամը հետեւեալն է. Թալեպան շարժումին որեւէ աջակցութիւնը հիմնուած է իր յանձնառութիւնները յարգելուն վրայ», ընդգծեց Պլինքըն: Ան նշեց, որ իրենք պիտի հետեւին Թալեպան շարժումի գործունէութեան եւ պիտի շարունակեն ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ աշխատիլ աֆղան ժողովուրդին օժանդակութիւններու մատակարարումը դիւրացնելու համար:
Պլինքըն յայտնեց, որ Քսաններու խմբակի ժողովի ընթացքին լուսարձակները կեդրոնացուցած են Թալեպան շարժումին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին միասնական մնալու կարեւորութեան վրայ:
«Թալեպան շարժումին իր խոստումներուն յանձնառու ըլլալը միայն միջազգային ընտանիքը գոհացնելու համար չէ, այլ Աֆղանիստանի կայունութեան համար հիմնական պայման է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները վճռակամ են այլ երկիրներու հետ աշխատելու` դիմակայելու համար այդ դժուարութիւնները, որոնք անոնք եւ ուրիշներ կը դիմագրաւեն»: