Միջազգային

Ազրպէյճանը, Վրաստանը Եւ Թուրքիան Այս Ամիս  Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Միացեալ  Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանը, Վրաստանը Եւ Թուրքիան Այս Ամիս Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Թուրքիան հոկտեմբերին միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն: «Յաւերժութիւն-2021» ռազմափորձերը այս անգամ տեղի պիտի ունենան Վրաստանի տարածքին մէջ` Ռուսիոյ սահմանին մօտ: Նախնական տուեալներով ռազմափորձերը ուղղուած պիտի ըլլան երեք երկիրներու զինեալ ուժերու փոխադարձ գործակցութեան, միեւնոյն ժամանակ շրջանի ռազմավարական կառոյցները պաշտպանելու: Այդ կառոյցներէն են` Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը, Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազի խողովակաշարը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին:

Այսօր Սկսող Ռազմափորձի  Նախօրեակին.  Իրան Հսկայական Զօրք Կուտակած Է  Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

Այսօր Սկսող Ռազմափորձի Նախօրեակին. Իրան Հսկայական Զօրք Կուտակած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

Իրանի զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերը այսօրուընէ ռազմափորձերու կը սկսին երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ: Այս մասին ըսած է Իսլամական հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Ղիյումերս Հայտարի: Անոր համաձայն, ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի օգտագործուին Իրանի զինեալ ուժերու թնդանօթներ, անօդաչու թռչող սարքեր, ուղղաթիռներ եւ սպառազինութիւն: Ռազմափորձը կը կրէ «Խայպարի նուաճողներ» անունը: Հայտարի նշած է, որ երկրի հիւսիսարեւմտեան եւ այլ շրջաններու մէջ ռազմափորձերը կը կատարուին...

Լափիտ Այցելեց Պահրէյն Եւ Բացումը  Կատարեց Իսրայէլի Դեսպանատան

Լափիտ Այցելեց Պահրէյն Եւ Բացումը Կատարեց Իսրայէլի Դեսպանատան

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ երէկ առաւօտուն այցելեց Պահրէյն, ուր բացումը կատարեց Մանամայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան, ինչպէս նաեւ ջուրի, շրջակայ միջավայրի եւ մարմնակրթութեան վերաբերեալ համաձայնագիրներ ստորագրեց: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լափիտ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլաթիֆ Զայանի կը հանդիպին. անոնք առաջին անգամ յունիսին հանդիպած են Հռոմի մէջ, սակայն Լափիտ Իսրայէլի առաջին արտաքին...

Թուրքիան Մտահոգուած Է «Գորշ Գայլեր»-Ու  Մասին Կէտով. Անգարան Յոյսով Է,  Որ Ուաշինկթըն Միտքը Կը Փոխէ

Թուրքիան Մտահոգուած Է «Գորշ Գայլեր»-Ու Մասին Կէտով. Անգարան Յոյսով Է, Որ Ուաշինկթըն Միտքը Կը Փոխէ

Թուրքիան մտահոգուած է այն հանգամանքով, որ թուրք ազգայնականներու «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնայ ընդգրկուիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ այս մասին յայտարարութիւն կատարած է: «Մենք կը ցաւինք, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաւանութեան արժանացած` պաշտպանութեան մասին ազգային օրէնքի փոփոխութիւններու բնագիրին մէջ կայ կէտ մը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին...

Սոչիի Մէջ Էրտողանի Հետ  Իր Հանդիպումի Ընթացքին.  «Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Վերահսկման  Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Շրջանին Մէջ  Կայունութեան Լուրջ Երաշխաւոր Է»  Կ՛ըսէ Փութին

Սոչիի Մէջ Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Վերահսկման Ռուս-Թրքական Կեդրոնը Շրջանին Մէջ Կայունութեան Լուրջ Երաշխաւոր Է» Կ՛ըսէ Փութին

Սոչիի մէջ Փութին-Էրտողան բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները մտքեր փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ շրջանին ու միջազգային ասպարէզի մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ: Ռուսիոյ նախագահը հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան վրայ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը` նշելով, որ ատիկա կը նպաստէ շրջանին մէջ հաշտեցման: «Ղարաբաղի մէջ զինադադարի վերահսկման կեդրոնը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Այդ համագործակցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան եւ հաշտեցման ուղղուած հետագայ քայլերու շուրջ...

Ալիեւ. «Մենք Հայաստանին  Վերադարձուցած Ենք  Պատերազմի Ժամանակ Գերի Ինկած  Բոլոր Զինուորները»

Ալիեւ. «Մենք Հայաստանին Վերադարձուցած Ենք Պատերազմի Ժամանակ Գերի Ինկած Բոլոր Զինուորները»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան «վերադարձուցած է պատերազմի ժամանակ գերի ինկած բոլոր զինուորները»: «Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ ատիկա հաստատել: Մենք անոնց զինուորները վերադարձուցած ենք, նախքան որ անոնք վերադարձնէին մեր զինուորները: Այն անձերը, որոնց նկատի ունի «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ը, մարդիկ են, որոնք Հայաստանի զինուորական հրամանատարութեան կողմէ մեր դիրքեր ուղարկուած են պատերազմի աւարտէն...

«Կը Ջանանք Երուսաղէմի Մէջ Ու Անոր  Մերձակայքը Ապրող  Պաղեստինցիներուն Աջակցիլ»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Ապահովէ» Կ՛ըսէ Քալըն

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ: «Հապեր Կլոպալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: «Ղարաբաղի առնչուած հարցեր կան, որոնք լուծման կարիք ունին: Զինադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրուած է, սակայն խաղաղութեան համաձայնագիր տակաւին չկայ: Խաղաղութեան համաձայնագիրը ամբողջ շրջանին խաղաղութիւն պիտի բերէ, եւ ասիկա ամէնէն ճիշդ մօտեցումն է: Նախագահ Ալիեւը...

Ըստ Թուրք Պաշտօնատարի Մը.  Էրտողանը Փութինէն Պիտի Խնդրէ Թուրք  Զինուորներու Վրայ Քիւրտերու  Յարձակումները Դադրեցնել

Ըստ Թուրք Պաշտօնատարի Մը. Էրտողանը Փութինէն Պիտի Խնդրէ Թուրք Զինուորներու Վրայ Քիւրտերու Յարձակումները Դադրեցնել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ժամանակ Մոսկուային կոչ պիտի ուղղէ կանխարգիլելու Սուրիոյ հիւսիսը թուրք զինուորներու վրայ քիւրտ զինեալներուն յարձակումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` աւելցնելով, որ խօսքը ըստ 2019-ի ռուս-թրքական համաձայնութեան Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Մընպեժէն ու Թել Ռիֆաաթէն հեռացման մասին է: «Անգարան կ՛ուզէ, որ Ռուսիան կանխարգիլէ թուրք զինուորներու վրայ յարձակումները քրտական զինեալ խմբաւորումներու անդամներուն...

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Յաւելեալ  Ուժեր Ուղարկած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահման

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Յաւելեալ Ուժեր Ուղարկած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահման

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող կայան մը ընկերային ցանցերու ճամբով հրապարակած է լուսանկարներ եւ տեսերիզ մը, որ ցոյց կու տայ իրանեան յաւելեալ ուժերու Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հիւսիսարեւմտեան սահման ուղարկուիլը: «Նաշրա» կայքը կը նշէ, որ այս քայլը առնուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէի` «Իրան Իսրայէլի իր սահմաններուն մօտ ներկայութիւնը պիտի չհանդուրժէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա ցուցադրական է» յայտարարութենէն ետք: Կայքը...

«Պայտըն Խոստացաւ, Որ Մեզ  Աֆղանները Լքածին Պէս Չլքէ»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Դեմոկրատական  Ուժերու Հրամանատարը

«Պայտըն Խոստացաւ, Որ Մեզ Աֆղանները Լքածին Պէս Չլքէ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերու Հրամանատարը

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացաւ, որ Միացեալ Նահանգներ անցեալ ամիս Աֆղանիստանէն հեռանալնէն ետք Սուրիոյ մէջ իրենց քիւրտ դաշնակիցները պիտի չլքեն»: Ան բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Աֆղանիստանի զարգացումներէն ետք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի բնակիչները մտահոգուած են: «Անկեղծ ըլլանք, Աֆղանիստանէն ամերիկեան հեռացումէն ետք մարդիկ կը վախնային: Կը վախնային նոյն ճակատագիրին արժանանալու»: Սպիտակ...

Ֆրանսան Եւ Յունաստանը Փոխադարձ  Պաշտպանութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Ֆրանսան Եւ Յունաստանը Փոխադարձ Պաշտպանութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ սպառազինութիւններու ձեռքբերման ու փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիրի ստորագրումը յայտարարած են: «Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահը համաձայնագիրին ստորագրութիւնը բնութագրած է իբրեւ վերջին 18 ամիսներու աշխուժ համագործակցութեան գագաթնակէտը: Յունաստանի վարչապետը իր կարգին համաձայնագիրի ստորագրութեան օրը կոչած է «պատմական օր` Յունաստանի եւ Ֆրանսայի համար»: «Երկու երկիրները արդէն...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Կը Սպառնայ  Թուրքիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել  Ռուսիոյ Հետ Նոր Գործարքին Պատճառով

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Հետ Նոր Գործարքին Պատճառով

Եթէ Թուրքիան շարունակէ Ռուսիոյ հետ պաշտպանական գործարքներու շուրջ բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգները Անգարայի դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի կիրարկեն: Այս մասին կը հաղորդուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի թուիթըրեան էջին վրայ: «Պատժամիջոցները նախատեսուած են որեւէ կազմակերպութեան համար, որ առեւտուր կը կատարէ ռուսական զինուորական կամ հետախուզական հատուածի հետ», ըսած է յանձնախումբը: Կը նշուի, որ այս կացութիւնը կը կարգաւորուի Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն...

Անցեալ Շաբաթ Պաղտատի Մէջ Իրանեան-Սէուտական  Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Մը Տեղի Ունեցած Է

Անցեալ Շաբաթ Պաղտատի Մէջ Իրանեան-Սէուտական Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Մը Տեղի Ունեցած Է

Իրաքեան դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ անցեալ շաբաթ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու փուլերու ծիրին մէջ սէուտցի եւ իրանցի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով իրաքցի պաշտօնատարը, կը յայտնէ, որ սէուտցի եւ իրանցի պաշտօնատարները Պաղտատի մէջ քննարկած են «նախապէս համաձայնեցուած ճամբու քարտէսին հիմամբ առկախ հարցերը, ներառեալ երկու երկիրներուն միջեւ...

«Եւրոպական Միութիւնը Ֆրանսային Կը Զօրակցի  Աւստրալիոյ Հետ Սուզանաւերու Գործարքին  Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Հետ Տագնապին Մէջ»  Կ՛ըսէ Պորել

«Եւրոպական Միութիւնը Ֆրանսային Կը Զօրակցի Աւստրալիոյ Հետ Սուզանաւերու Գործարքին Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Հետ Տագնապին Մէջ» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Համախմբման արտաքին գործոց նախարարները, որոնք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ ժողով մը գումարեցին, յստակ կերպով արտայայտեցին Ֆրանսայի նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը»` Աւստրալիոյ հետ սուզանաւերու գործարքը ջնջելու շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր միջեւ յառաջացած տագնապին մէջ: «27 արտաքին գործոց նախարարները նկատեցին, որ Միացեալ Նահանգներու Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներուն մէջ Բրիտանիոյ եւ...

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Ապագան  Պէտք Է Ճշդեն Սուրիացիները»

Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են Օգնելու Արցախի Տագնապին Վերաբերող Չլուծուած Խնդիրներու Լուծման

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գլխաւոր տեղակալ Տերեք Հոկըն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի ընդհանուր տնօրէն Ամանտա Սլոաթ 27 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ` Ֆրանսայէն Սթեֆան Վիսքոնթիի, Միացեալ Նահանգներէն Էնտրիւ Շոֆըրի եւ Ռուսիայէն Իկոր Խովայեւի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` համանախագահները քննարկած են անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի...

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յոյս Ունի, Որ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յոյս ունի, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, երկու երկիրները պիտի շարունակեն երկխօսութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակին կողմէ երկուշաբթի օր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: «Ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ նախարարներու անմիջական երկխօսութեան վերսկսումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ տագնապէն...

Վրաստան Կ՛առաջարկէ Թիֆլիսի Մէջ Հարթակ  Ստեղծել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Երկխօսութեան Համար

Վրաստան Կ՛առաջարկէ Թիֆլիսի Մէջ Հարթակ Ստեղծել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Երկխօսութեան Համար

Վրաստանի իշխանութիւնները կ՛առաջարկեն Թիֆլիսի մէջ հարթակ ստեղծել` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մնայուն հաղորդակցութիւններու համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի: Ան նշած է, որ յունիսին մարդասիրական գործողութիւն կատարուած է` 15 հայ գերիներ վերադարձնելու դիմաց ականապատ դաշտերու քարտէսներ տալու առումով, որուն մէջ Թիֆլիսը հանդէս կու գայ իբրեւ միջնորդ: «Ատիկա...

«Ասիկա Պէտք Է Աւարտի, Մենք Կը Պահանջենք,  Որ Թուրքիան Եւ Միացեալ Նահանգները Առանց  Նախապայմաններու Դուրս Բերեն  Իրենց Զօրքերը Սուրիայէն»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Ասիկա Պէտք Է Աւարտի, Մենք Կը Պահանջենք, Որ Թուրքիան Եւ Միացեալ Նահանգները Առանց Նախապայմաններու Դուրս Բերեն Իրենց Զօրքերը Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիան մտադիր է ամբողջութեամբ վերականգնելու ազգային գերիշխանութիւնը եւ անօրինական կը նկատէ իր տարածքին մէջ որեւէ օտարերկրեայ զօրքի գոյութիւն, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ համաձայնութեան հիմամբ չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: «Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները կեղծ պատրուակներ կ՛օգտագործեն Սուրիոյ տարածքին մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը շարունակելու եւ...

Ազրպէյճան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է  Կարգաւորելու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Ազրպէյճան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Կարգաւորելու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Ազրպէյճան պատրաստ է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ 27 սեպտեմբերին այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ազրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար` գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան խիստ պահպանումով: «Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք կատարելու միջազգային պարտաւորութիւնները` շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ապահովման համար», կը նշուի Ազրպէյճանի...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Մէջ Չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ»  Անունով Վարչական Տարածք. Ղարաբաղեան  Տագնապը Անցեալին Մէջ Մնացած Է»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Մէջ Չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ» Անունով Վարչական Տարածք. Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Մնացած Է»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն ռազմաքաղաքական ճամբով լուծած է ղարաբաղեան տագնապը, պատերազմը մնացած է անցեալին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ 27 սեպտեմբերին` Ազրպէյճանի ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ալիեւ: «Ազրպէյճանը վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք տագնապը լուծած ենք ռազմաքաղաքական ճամբով, պատերազմը մնացած է անցեալին մէջ, ղարաբաղեան տագնապը անցած է պատմութեան գիրկը: «Ազրպէյճանի մէջ...

Page 314 of 883 1 … 313 314 315 … 883

Արխիւներ