Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Յայտարարած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարութեան Մասին Եւ Հայաստանին Սպառնացած Պատերազմով` Ատոր Խոչընդոտելու Պարագային

September 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յայտարարութիւնը, որ ստորագրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի գիշերը, յստակօրէն կը նշէ, որ պէտք է հաղորդակցութիւն հաստատուի Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ: Այս հաղորդակցութիւնը հաստատուա՞ծ է: Ո՛չ, նման հաղորդակցութեան բացումը շատ ժամանակ չի պահանջեր: Ճամբու ընդհանուր երկարութիւնը ընդամէնը 40 քիլոմեթր է: Պատերազմէն մէկ տարի ետք մենք կառուցեցինք աւելի քան 1000 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբաներ` թէ՛ ասֆալթապատ, թէ՛  այլ: 40 քիլոմեթրնոց ճամբու կառուցումը մեծ խնդիր չէ: Սակայն հակառակ ատոր, Հայաստանը չի տար իր համաձայնութիւնը: Բանակցութիւնները անորոշ են: Այսինքն` Հայաստանը կոպտօրէն կը խախտէ 10 նոյեմբերի յայտարարութեան պայմանները», թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Մենք տակաւին համբերատար ենք: Թէեւ մեր համբերութիւնը նոյնպէս սահմաններ ունի: Ղարաբաղեան Բ. պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ մեր համբերութիւնը կը սպառի: Հետեւաբար, մենք Հայաստանին կարելիութիւն կու տանք կատարել 10 նոյեմբերի յայտարարութեան բոլոր պայմանները եւ գործել պատասխանատուութեամբ», ըսած է թշնամական պետութեան ղեկավարը:

Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ սկսած են «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման լայնածաւալ աշխատանքները:

«Զանգելանի մէջ կը կառուցուի երկաթուղի եւ մայրուղի, կը կառուցուին օդակայաններ: Կը կարծեմ, որ մեր տարածքին մէջ աշխատանքները պիտի աւարտենք երկու տարուան ընթացքին, որովհետեւ այստեղ աշխատանքի ծաւալը շատ մեծ է: Հայաստանի տարածքին մէջ երկաթուղիի եւ ճամբու երկարութիւնը 40 քիլոմեթր է: Ատիկա կրնայ տեւել 1-1,5 տարի: Մենք կը սպասենք ատոր», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ անդրադարձած է իր երկրին սահմաններուն մօտ կատարուած իրանեան ռազմափորձերուն: «Ասիկա շատ անսպասելի իրադարձութիւն է: Որովհետեւ մեր անկախութեան երեսուն տարիներուն ընթացքին նման իրադարձութիւններ չեն եղած: Նախ պէտք է ըսեմ, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի որեւէ ռազմափորձ կատարելու իր տարածքին մէջ: Ասիկա անոր գերիշխան իրաւունքն է: Ոչ ոք կրնայ անոր որեւէ բան ըսել: Սակայն երբ ասիկա կը վերլուծենք ժամանակի առումով, կը տեսնենք, որ նման բան երբեք տեղի չէ ունեցած: Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա եւ ինչո՞ւ մեր սահմանին վրայ», ըսած է ան:

Ան նշած է. «Այս հարցը ես չեմ տար, այլ ազրպէյճանական հասարակութիւնը»:

«Աշխարհի ազրպէյճանցիները կը հարցնեն այս մասին: Հարց կը տրուի նաեւ, թէ ինչո՞ւ այս տարածքին մէջ փորձերը չեն իրականացուած բռնագրաւումի ժամանակ: Ինչո՞ւ ռազմափորձերը չկազմակերպուեցան, երբ հայերը Ճեպրայիլի մէջ էին, Զանգելանի եւ Ֆիզուլիի մէջ էին: Ինչո՞ւ ատիկա կը կատարուի այն բանէն ետք, երբ մենք ազատագրեցինք այս հողերը եւ աւարտեցինք 30-ամեայ բռնագրաւումը: Ասոնք արդարացի հարցեր են: Ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք, որ շրջանը չունենայ այնպիսի իրավիճակ, որ կրնայ հարուած հասցնել երկարաժամկէտ համագործակցութեան: Անգամ մը եւս նշեմ, որ Ազրպէյճանը այստեղ նոյնպէս կը գործէ շատ պատասխանատու եւ հաւասարակշռուած: Յոյսով եմ, որ մեր օրինական քայլերուն (Գորիս-Կապան ճամբուն իրանեան բեռնատարներու առնչուած միջադէպը) յուզական արձագանգը ժամանակաւոր կ՛ըլլայ», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ դրական գնահատած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը: «Ընդհանուր առմամբ, ռուս խաղաղապահ ուժերու գործունէութիւնը կարելի է դրական գնահատել: Ի հարկէ, կան պահեր, որոնց շուրջ մենք հարցումներ ունինք: Նախ եւ առաջ, ատիկա կապուած է օտարերկրեայ քաղաքացիներու` մեր հողեր անօրինական այցելութիւններու հետ», ըսած է ան:

Ըստ անոր, «Ղարաբաղ այցելելու համար օտարերկրացիները պէտք է Ազրպէյճանէն արտօնութիւն ստանան»:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման` Ալիեւ յայտարարած է, որ ատոր համար լաւագոյն միջոցը 3+3 ձեւաչափն է, որ առաջարկած էր Թուրքոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, սակայն ատոր դրական չեն արձագանգած Հայաստանն ու Իրանը:

Նշենք, որ Էրտողանի առաջարկած այդ ձեւաչափը պէտք է ներառէր վեց երկիր` Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Ռուսիան, Իրանը եւ Հայաստանը:

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Հայաստանը պէտք է փոփոխութիւններ կատարէ Սահմանադրութեան մէջ:

«Ի հարկէ, ճիշդ պիտի ըլլայ վերլուծութիւններ ընել, երբ Հայաստանի պաշտօնական յայտարարութիւնները համաձայնուած ըլլան իրական քաղաքականութեան հետ: Հայաստանի Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ յղումներ կը կատարուին Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջներուն: Անոնք պէտք է հրաժարին ատկէ: Անոնք նախ եւ առաջ պէտք է մշակեն եւ ընդունին նոր սահմանադրութիւն: Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի նման թոյլ եւ ամբողջովին քանդուած երկիր մը տարածքային պահանջներ ներկայացնել այնպիսի հզօր երկիրի, ինչպիսին Թուրքիան է: Ատիկա նման է հոգեկան հիւանդութեան: Հետեւաբար, անոնք պէտք է հրաժարին ատկէ», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ Հայաստանը պէտք է յարաբերութիւնները կարգաւորէ նաեւ Ազրպէյճանի հետ:

Նախորդը

«Անգարան Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Որեւէ Քայլ Պիտի Ձեռնարկէ Պաքուի Հետ Քննարկելէ Ետք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Մէջ Չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ» Անունով Վարչական Տարածք. Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Մնացած Է»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.