Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարելու նպատակով հանդիպում պիտի ունենան Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
«Թասնիմ»-ի տուեալներով` հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Նիւ Եորքի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կայացած` Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին: