Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Քազեմ Սաժատփուրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Ակնայի շրջան: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական աղբիւրը:
Բացի ատկէ, Ակնա այցելած է նաեւ Իրանագիտութեան թրքական կեդրոնի տնօրէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցելութեան ծիրին մէջ հիւրերը շրջած են շրջանին մէջ եւ ծանօթացած այդտեղ տիրող իրավիճակին: