Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Սկսող Ռազմափորձի Նախօրեակին. Իրան Հսկայական Զօրք Կուտակած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

October 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերը այսօրուընէ ռազմափորձերու կը սկսին երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ: Այս մասին ըսած է Իսլամական հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Ղիյումերս Հայտարի:

Անոր համաձայն, ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի օգտագործուին Իրանի զինեալ ուժերու թնդանօթներ, անօդաչու թռչող սարքեր, ուղղաթիռներ եւ սպառազինութիւն: Ռազմափորձը կը կրէ «Խայպարի նուաճողներ» անունը:

Հայտարի նշած է, որ երկրի հիւսիսարեւմտեան եւ այլ շրջաններու մէջ ռազմափորձերը կը կատարուին զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանը ստուգելու, մարտունակութիւնը բարձրացնելու, սպառազինութիւնը փորձարկելու նպատակով:

Իրանի հիւսիսարեւմտեան շրջանը կ՛ընդգրկէ Արտապիլ, Արեւելեան Ազրպէյճան, Արեւմտեան Ազրպէյճան եւ Զանճան նահանգները:

Յիշեցնենք, որ Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները սրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ իրանեան բեռնակառքերու առնչուած միջադէպին պատճառով:

Ալիեւ վերջերս բողոքած էր, թէ ինչո՞ւ այս 30 տարուան ընթացքին, երբ Արցախի հարաւը կը գտնուէր հայերու ձեռքը, Իրան երբեք ռազմափորձեր չէր կատարած:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես», յղում կատարելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին, հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Իրանի մէջ Ազրպէյճանի նոր նշանակուած դեսպան Ալի Ալիզատէի հաւատարմագիրի պատճէնը ընդունելու ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ իրանցի վարորդներու նկատմամբ ոչ պատշաճ վերաբերմունքի, երկու վարորդի ձերբակալման առնչութեամբ: Ապտոլլահեան նաեւ զարմանալի ու ափսոսանք յարուցող կոչած է ազրպէյճանական կողմէն հնչող բացասական յայտարարութիւնները:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ ռազմափորձերու կատարումը երկիրներու գերիշխան իրաւունքն է, եւ մատնանշելով Իրանի սահմաններուն մօտ Իսրայէլի գործողութիւնները, աւելցուցած է. «Իրան չի հանդուրժեր իր ազգային անվտանգութեան դէմ սիոնական վարչակարգին ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը եւ այդ առումով պիտի կատարէ որեւէ անհրաժեշտ քայլ: Դեսպանը իր կարգին յոյս յայտնած է, որ վերջին եղելութիւնները պիտի հարթուին երկու երկիրներու պաշտօնատարներու երկխօսութեան միջոցով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Լափիտ Այցելեց Պահրէյն Եւ Բացումը Կատարեց Իսրայէլի Դեսպանատան

Յաջորդը

Ազրպէյճանը, Վրաստանը Եւ Թուրքիան Այս Ամիս Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.