Սոչիի մէջ Փութին-Էրտողան բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները մտքեր փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ շրջանին ու միջազգային ասպարէզի մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:
Ռուսիոյ նախագահը հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան վրայ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը` նշելով, որ ատիկա կը նպաստէ շրջանին մէջ հաշտեցման:
«Ղարաբաղի մէջ զինադադարի վերահսկման կեդրոնը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Այդ համագործակցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան եւ հաշտեցման ուղղուած հետագայ քայլերու շուրջ կողմերու դիրքորոշումներու համաձայնեցման լուրջ երաշխիք է», ըսաւ Փութին:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան յաջող համագործակցութիւն կը ծաւալեն նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ, ներառեալ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ հարցերը:
Փութին աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կայունութեան երաշխիք է: «Բանակցութիւնները երբեմն բարդ են, սակայն կ՛աւարտին դրական արդիւնքով: Մեր նախարարութիւնները սորված են գտնել փոխադարձ զիջումներ, որոնք շահաւէտ են երկու երկիրներուն համար», աւելցուց Փութին:
Էրտողան առանձնազրոյցի նախաբանին մէջ Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան համար` ընդգծելով, որ ռուս զբօսաշրջիկները հանգստանալու համար իր երկիրը ընտրած են:
Էրտողան նաեւ ընդգծած է ռազմապաշտպանական ոլորտին մէջ կատարուող միացեալ քայլերը: Վերջինս շեշտած է, որ շրջանին մէջ կայունութիւնը անմիջականօրէն պայմանաւորուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններով:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միացեալ քայլերը մեծ կարեւորութիւն ունին, եւ այս շրջանին մէջ խաղաղութիւնը կախեալ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններէն:
էրտողանի եւ Փութինի դռնփակ հանդիպումը տեւեց 2 ժամ 45 վայրկեան: Էրտողան հանդիպումէն ետք Փութինի հետ երկխօսութիւնը նկատեց արդիւնաւէտ: «Մենք Սոչիէն կը վերադառնանք գործընկերոջս` Փութինի հետ արդիւնաւէտ հանդիպումէ ետք», թելեկրամի վրայ գրեց Էրտողան:



