Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ: «Հապեր Կլոպալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Ղարաբաղի առնչուած հարցեր կան, որոնք լուծման կարիք ունին: Զինադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրուած է, սակայն խաղաղութեան համաձայնագիր տակաւին չկայ: Խաղաղութեան համաձայնագիրը ամբողջ շրջանին խաղաղութիւն պիտի բերէ, եւ ասիկա ամէնէն ճիշդ մօտեցումն է: Նախագահ Ալիեւը նոյնպէս որոշ յայտարարութիւններ կատարած է այս հարցին վերաբերեալ: Եթէ կարճ ժամանակի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուի, եւ լուծուին թեքնիք հարցերը, ինչպիսիք են ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրումը, հոլովոյթը պիտի արագանայ», ըսած է Քալըն:
Էրտողանի բանբերը նշած է, որ համաձայնագիրը օգուտ պիտի բերէ Հայաստանին ու անոր քաղաքացիներուն: «Այս տագնապը պէտք է աւարտէր եւ անիկա աւարտեցաւ», աւելցուցած է Քալըն:



