Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալ Շաբաթ Պաղտատի Մէջ Իրանեան-Սէուտական Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Մը Տեղի Ունեցած Է

September 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ անցեալ շաբաթ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու փուլերու ծիրին մէջ սէուտցի եւ իրանցի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով իրաքցի պաշտօնատարը, կը յայտնէ, որ սէուտցի եւ իրանցի պաշտօնատարները Պաղտատի մէջ քննարկած են «նախապէս համաձայնեցուած ճամբու քարտէսին հիմամբ առկախ հարցերը, ներառեալ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հարցը»:

Իրաքցի պաշտօնատարը, որ պայման դրած է անունը չնշել, բանակցութիւնները «դրական» բնութագրած է:

Նշենք, որ սէուտցի եւ իրանցի պաշտօնատարներ անցեալ ամիսներուն Պաղտատի մէջ ունեցած են շարք մը հանդիպումներ, որոնց մասին առաջին անգամ բացայայտուեցաւ ապրիլին:

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպազտէ անցեալ հինգշաբթի յայտնած էր. «Անցնող քանի մը ամիսներուն Սէուտական Արաբիոյ հետ աւելի կազմակերպուած հաղորդակցութիւններ ունեցանք»: Ան աւելցուցած էր, որ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ «լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան»:

«Ծոցի անվտանգութեան հարցով լուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութիւն կայ», ըսած էր ան:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան վերջերս միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դիմակայելու հիւլէական համաձայնութեան առնչակից միջազգային համաձայնութիւններու եւ պայմանագիրներու իրանեան «խախտումներն ու ոտնձգութիւնները»:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Ֆրանսային Կը Զօրակցի Աւստրալիոյ Հետ Սուզանաւերու Գործարքին Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Հետ Տագնապին Մէջ» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Հետ Նոր Գործարքին Պատճառով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.