Եթէ Թուրքիան շարունակէ Ռուսիոյ հետ պաշտպանական գործարքներու շուրջ բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգները Անգարայի դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի կիրարկեն: Այս մասին կը հաղորդուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի թուիթըրեան էջին վրայ:
«Պատժամիջոցները նախատեսուած են որեւէ կազմակերպութեան համար, որ առեւտուր կը կատարէ ռուսական զինուորական կամ հետախուզական հատուածի հետ», ըսած է յանձնախումբը:
Կը նշուի, որ այս կացութիւնը կը կարգաւորուի Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու` ՍԱԱԹՍԱ հռչակագիրով:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու նոր խումբ գնելու մտադրութեան մասին: Ան նոյն ատեն ընդգծած էր, որ ոչ մէկ պետութիւն կրնայ ազդել իր երկրի գերիշխան իրաւունքին վրայ:



