Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Լուրջ Տրամադրուած Է

Սէուտական Արաբիան Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Լուրջ Տրամադրուած Է

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան նշեց, որ Իրանի հետ քննարկումները «բարեկամական» էին, իսկ բանակցութիւնները` «բազկերակ շօշափելու համար»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը: Սէուտական դիւանագիտութեան պետը օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք բանակցութիւններուն նկատմամբ լուրջ տրամադրուած ենք(…) Հարցը մեզի համար մեծ շրջադարձ մը չէ, որովհետեւ միշտ կ՛ըսենք, որ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար միջոց կ՛ուզենք գտնել»:

Լաւրով Եւ Ապտոլլահեան Կը Քննարկեն Վիեննայի  Բանակցութիւններն Ու Ազրպէյճանի Հարցը

Լաւրով Եւ Ապտոլլահեան Կը Քննարկեն Վիեննայի Բանակցութիւններն Ու Ազրպէյճանի Հարցը

  Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ` քննարկելով Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին առնչուող հարցեր: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է Իրանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման լոյսին տակ: Լաւրով եւ Ապտոլլահեան քննարկած են ստեղծուած կացութեան մէջ իրենց դիրքորոշումները: Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ բանակցութիւնները դրական մթնոլորտի...

Թուրքիոյ Հետ Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Յունաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛ամրապնդեն  Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

Թուրքիոյ Հետ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Յունաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛ամրապնդեն Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներն ու Յունաստանը կ՛ամրապնդեն պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Էնթընի Պլինքըն 14 հոկտեմբերին մէկ անգամէն 5 տարիով երկարաձգած են Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ` Կրետէ կղզիին վրայ ծովուժի եւ օդուժի ռազմակայաններու օգտագործման համաձայնագիրը: «Արապիա» կը գրէ, որ յատկանշական է, որ նախապէս այս համաձայնագիրի ժամկէտը կ՛երկարաձգուէր ընդամէնը մէկ տարիով:...

«Ռուսիան Թուրքիոյ Հետ Խրիմի Ճանաչման  Դիմաց Հիւսիսային Կիպրոսի  Ճանաչման Հարցը Չի Քննարկեր»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան Թուրքիոյ Հետ Խրիմի Ճանաչման Դիմաց Հիւսիսային Կիպրոսի Ճանաչման Հարցը Չի Քննարկեր» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ Մոսկուան ու Անգարան Խրիմի թերակղզիին իբրեւ ռուսական հանրապետութիւն եւ հիւսիսային Կիպրոսի իբրեւ անկախ պետութիւն փոխադարձ ճանաչման շուրջ չեն բանակցիր: Զախարովա այդպիսի փոխադարձ ճանաչման մասին հարցումի մը պատասխանելու համար իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ. «Իրապէս վարժուեցանք իրականութեան, թէ այսպիսի հետաքրքրական հաճոյք կայ, երբ մասնաւորաբար յունական եւ ֆրանսական լրատուամիջոցներու մէջ այսպիսի շինծու հարցեր`...

Բրիտանացի Երեսփոխանը Սպաննուած Է  Ընտրողներու Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

Բրիտանացի Երեսփոխանը Սպաննուած Է Ընտրողներու Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

Սպաննուած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի համայնքներու պալատի անդամ, Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ամեսը: Այս մասին կը յայտնէ «Եուրոնիուզ»-ը: Երեսփոխանին վրայ յարձակողը 25 տարեկան է: Ան քանի մը անգամ դանակով հարուածած է երեսփոխանը Պելֆարես եկեղեցւոյ  մէջ ընտրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին: 25-ամեայ անձը ձերբակալուած է, յանցագործութեան դրդապատճառները կը հետաքննուին:  

«Վրաստանը Տակաւին Պաշտօնապէս  Չէ Արձագանգած «3+3» Ձեւաչափի  Գաղափարին»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«Վրաստանը Տակաւին Պաշտօնապէս Չէ Արձագանգած «3+3» Ձեւաչափի Գաղափարին» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ Վրաստանը տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած Անդրկովկասին վերաբերող «3+3» ձեւաչափի ստեղծման առաջարկին: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն: «Վրաստանը պաշտօնապէս չէ արձագանգած, սակայն վերջերս յայտարարած էր, որ հետաքրքրուած չէ այդ մեքանիզմով», ըսած է Ռուտենքէ: Անոր համաձայն, Ռուսիան այդ մեքանիզմը կը նկատէ շատ կարեւոր, խոստմնալից, հեռանկարային ձեւաչափ, ուր կարելի է շրջանի...

Էրտողան. «Անգարայի Համբերութիւնը Սպառած Է.  Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Պայքարը Որակապէս  Նոր Մակարդակի Պիտի Հասնի»

Էրտողան. «Անգարայի Համբերութիւնը Սպառած Է. Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Պայքարը Որակապէս Նոր Մակարդակի Պիտի Հասնի»

Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը որակապէս նոր մակարդակի պիտի հասնի: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` մեկնաբանելով Սուրիոյ վերաբերեալ Անգարայի դիրքորոշումը: Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն մօտ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան «ահաբեկիչներու» խարդաւանքներուն նկատմամբ Անգարայի համբերութիւնը սպառած է: «Մենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք ահաբեկիչներուն դէմ», վստահեցուցած է ան:  

Սիտորով. «Ձեռք Բերուած  Համաձայնութիւնները  Բաւարար Են Ղարաբաղի Մէջ Վերջնական  Լուծումի Հասնելու Համար»

Սիտորով. «Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնները Բաւարար Են Ղարաբաղի Մէջ Վերջնական Լուծումի Հասնելու Համար»

Ղարաբաղի հարցով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները բաւարար են շրջանին մէջ վերջնական քաղաքական լուծման հասնելու համար: «Թի.Վի.զվեզտա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Անաթոլի Սիտորով: «Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կարելի եղած է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները: Ներկայ պահուս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի քաղաքական լուծման համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման», ըսած է Սիտորով` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:...

Պաքու Ազատ Արձակած Է  Իրանցի 2 Բանտարկեալներ,  Սակայն Անոնք Սիւնիքի Մէջ  Ձերբակալուած Վարորդները Չեն

Պաքու Ազատ Արձակած Է Իրանցի 2 Բանտարկեալներ, Սակայն Անոնք Սիւնիքի Մէջ Ձերբակալուած Վարորդները Չեն

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան ազատ արձակած է երկու բանտարկեալներ` պատիժի մնացեալ մասը սեփական երկրին մէջ կրելու համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ իրանեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով «Պլումպըրկ»-ին, չորեքշաբթի օր յայտնած էին, որ Ազրպէյճան ազատ արձակած է այն երկու վարորդները, որոնք քանի մը շաբաթ առաջ ձերբակալուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ:...

Ազրպէյճան Ազատ Արձակած Է Հայաստանի  Տարածքին Մէջ Իր Ձերբակալած  Իրանցի Վարորդները

Ազրպէյճան Ազատ Արձակած Է Հայաստանի Տարածքին Մէջ Իր Ձերբակալած Իրանցի Վարորդները

Ազրպէյճան ազատ արձակած է իրանցի վարորդները, որոնք մէկ ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ձերբակալուած էին ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն մէկ օր ետք Պաքուն ազատ արձակած է իրանցի վարորդները:  

«Իրան Կ՛ակնկալէ, Որ Ազրպէյճանը Արդիւնաւէտ  Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Իրանեան Բեռնակառքերու  Տարանցիկ Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Իրան Կ՛ակնկալէ, Որ Ազրպէյճանը Արդիւնաւէտ Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Իրանեան Բեռնակառքերու Տարանցիկ Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ թշնամիներուն պէտք չէ կարելիութիւն ընձեռուի խաթարելու Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ բարեկամական կապերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Ապտոլլահեան երեքշաբթի օր իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանն ու Պաքուն թշնամիներ ունին, եւ երկու կողմերը պէտք չէ թշնամիներուն կարելիութիւն ընձեռեն խաթարելու իրենց...

Անհեթեթ Նկատելով Իրանի Յայտարարութիւնները.  Ալիեւ Կը Դժգոհի Ռուս Խաղաղապահներէն

Անհեթեթ Նկատելով Իրանի Յայտարարութիւնները. Ալիեւ Կը Դժգոհի Ռուս Խաղաղապահներէն

Ազրպէյճան ռուսական կողմէն կ՛ակնկալէ Ղարաբաղ օտարերկրեայ քաղաքացիներու անօրինական ներթափանցման խնդիրի լուծում` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղական գօտիին մէջ: Այս մասին իտալական «Լա Ռեփոպլիքա» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Ընդհանուր առմամբ, մենք գոհ ենք ռուս խաղաղապահներու գործունէութենէն... Այս ընթացքին կացութիւնը կայուն է, բացառութեամբ քանի մը աննշան միջադէպերու, եւ մենք ընդհանուր առմամբ գոհ ենք», աւելցուցած է Ալիեւ: Ան...

«Վրաստան Պիտի Շարունակէ Երեւանի  Եւ Պաքուի Միջեւ Միջնորդի Գործօն  Դերակատարութիւնը»  Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

«Վրաստան Պիտի Շարունակէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Միջնորդի Գործօն Դերակատարութիւնը» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

Երեւան այցելութիւնը «շատ յաջող էր», Վրաստան պիտի շարունակէ միջնորդի գործօն դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաթումի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլիք Ղարիպաշվիլին: «Ինչպէս գիտէք, իմ նախաձեռնութիւնս է համագործակցութեան սկսիլ շրջանին մէջ եւ նոր հարթակ ստեղծել, որուն ծիրին մէջ` երեք երկիր, սերտ համագործակցութեան պիտի սկսինք, եւ Վրաստանը մեծ դեր կը...

Ըստ ԱՖՓ-ի. Իրանն Ու Սէուտական Արաբիան Հաշտուած Են Եւ Պիտի Վերաբանան Իրենց Հիւպատոսարանները

Ըստ ԱՖՓ-ի. Իրանն Ու Սէուտական Արաբիան Հաշտուած Են Եւ Պիտի Վերաբանան Իրենց Հիւպատոսարանները

Իրանն ու Սէուտական Արաբիան բանակցութիւններ վարած են երկու երկիրներուն մէջ հիւպատոսարաններ վերաբանալու համաձայնագիրին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը՝  յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրի մը: «Անոնք համաձայնութիւն գոյացուցած են հիւպատոսարաններու աշխատանքը վերսկսելու վերաբերեալ: Կը կարծեմ` յառաջիկայ շաբաթներուն յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք պիտի բերուի», ըսած է Ֆրանսական լրատու գործակալութեան աղբիւրը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ նախապէս յայտարարած...

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Դատապարտած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Երկիրներուն Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Դատապարտած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Երկիրներուն Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը դատապարտած է «Ռուսիոյ մասնակցութիւնը» Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին պատկանող պետութիւններու (Հայաստան, Ազրպէյճան, Պիելոռուսիա, Վրաստան, Մոլտովա եւ Ուքրանիա) տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի զինուորական ներուժի շրջանին մէջ ու ատոր սահմաններուն վրայ կուտակումը: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ նման թեզեր ներառուած են բանաձեւ նախագիծին մէջ, որ ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման յանձնախումբի նախնական...

Իրանի Եւ Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Քննարկեն Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

Իրանի Եւ Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Քննարկեն Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երկուշաբթի օր հեռաձայնած է Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի: Երկու նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային հարցեր: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները քննարկած են շրջանային տագնապները լուծելու համար թափուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման ու անվտանգութիւնն ու...

Էրտողանն Ու Պայտընը Պիտի Քննարկեն Կովկասի Շրջանին Եւ Արցախի Առնչուող Հարցերը

Էրտողանն Ու Պայտընը Պիտի Քննարկեն Կովկասի Շրջանին Եւ Արցախի Առնչուող Հարցերը

Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Ճօ Պայտընը հանդիպում պիտի ունենան Հռոմի մէջ 30-31 հոկտեմբերին նախատեսուած Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: Վերջինս բացայայտած է նաեւ նախագահներու հանդիպման օրակարգը` նշելով քննարկուելիք գլխաւոր նիւթերը: «Մենք ընդարձակ կապեր ունինք Միացեալ Նահանգներու հետ:...

Էրտողան Կը Սպառնայ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ «Արագօրէն Գործի Լծուիլ»` Նշելով, Որ Իր Համբերութիւնը Կը Սպառի

Էրտողան Կը Սպառնայ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ «Արագօրէն Գործի Լծուիլ»` Նշելով, Որ Իր Համբերութիւնը Կը Սպառի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերուն վրայ կատարուած վերջին յարձակումներէն ետք զգուշացուց, որ պատրաստ է «պէտք եղած քայլերը որդեգրելու»` վերջ տալու համար թրքական ուժերուն դէմ սպառնալիքները: Ան երկուշաբթի օր Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն դուրս եկած ատեն ըսած է, որ «մենք վճռած ենք մեր ձեռքով վերջ տալ Սուրիայէն եկող սպառնալիքներուն»` նշելով, որ իր համբերութիւնը կը սպառի: Նշենք, որ...

Իրանի Մէջ Ընթացք Առած Են Բանակի Եւ Յեղափոխական Պահակագունդի Օդուժներուն Մասնակցութեամբ Լայնածաւալ Ռազմափորձերը

Իրանի Մէջ Ընթացք Առած Են Բանակի Եւ Յեղափոխական Պահակագունդի Օդուժներուն Մասնակցութեամբ Լայնածաւալ Ռազմափորձերը

Իրանի բանակն ու Յեղափոխական պահակագունդը սկսած են օդուժի մասնակցութեամբ միացեալ մասնագիտացուած ռազմափորձերու: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ երկրի կեդրոնական անապատային տարածքներուն մէջ կատարուող գործողութիւնները ստացած են «Վելայեթի երկինքի պաշտպաններ 1400» խորագիրը: Բանակայիններն ու Յեղափոխական պահակագունդի ներկայացուցիչները կը կատարեն զանգուածային օդային վարժութիւններ, որոնց նպատակն է ամրապնդել մարտունակութիւնն ու պաշտպանունակութիւնը երկրի օդային տարածքը թշնամիներէն պաշտպանելու համար: Գնդապետ-զօրավար Ղատեր...

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Իրանը Ունի Փաստաթուղթեր, Որոնք Կը Հաստատեն, Որ Ահաբեկչական Խմբաւորումները Տեղափոխուած Են Ազրպէյճան» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրան յայտարարած է, որ ունի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն, որ ահաբեկչական խմբաւորումները տեղափոխուած են Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ֆրոնթ Փէյճ»-ը: «Իրան նոյնիսկ ձեռք բերած է անոնց խօսակցութիւնները եւ զանոնք կը պահէ հետախուզութեան վերահսկողութեան տակ», երէկ Իրանի ազգային ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: «Մենք ազրպէյճանական կողմին ըսած ենք, որ ատիկա...

Page 310 of 883 1 … 309 310 311 … 883

Արխիւներ