Ազրպէյճան ազատ արձակած է իրանցի վարորդները, որոնք մէկ ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ձերբակալուած էին ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն մէկ օր ետք Պաքուն ազատ արձակած է իրանցի վարորդները: