Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը որակապէս նոր մակարդակի պիտի հասնի: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` մեկնաբանելով Սուրիոյ վերաբերեալ Անգարայի դիրքորոշումը:
Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն մօտ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան «ահաբեկիչներու» խարդաւանքներուն նկատմամբ Անգարայի համբերութիւնը սպառած է:
«Մենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք ահաբեկիչներուն դէմ», վստահեցուցած է ան: