Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհեթեթ Նկատելով Իրանի Յայտարարութիւնները. Ալիեւ Կը Դժգոհի Ռուս Խաղաղապահներէն

October 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան ռուսական կողմէն կ՛ակնկալէ Ղարաբաղ օտարերկրեայ քաղաքացիներու անօրինական ներթափանցման խնդիրի լուծում` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղական գօտիին մէջ: Այս մասին իտալական «Լա Ռեփոպլիքա» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ընդհանուր առմամբ, մենք գոհ ենք ռուս խաղաղապահներու գործունէութենէն… Այս ընթացքին կացութիւնը կայուն է, բացառութեամբ քանի մը աննշան միջադէպերու, եւ մենք ընդհանուր առմամբ գոհ ենք», աւելցուցած է Ալիեւ:

Ան միեւնոյն ժամանակ բողոքած է, որ կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին: «Մասնաւորաբար` հարց կայ օտարերկրացիներու մասին, որոնք պէտք է Ազրպէյճանէն արտօնութիւն ստանան ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող ազրպէյճանական տարածքներ այցելելու համար (նկատի ունի Արցախը)», ըսած է ան:

«Մենք այդ մասին տեղեկացուցած ենք Ռուսիոյ իշխանութիւններուն եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի նման փաստերուն վերջ տրուի: Այս եւ շարք մը այլ խնդիրներ պէտք է լուծուին: Սակայն այժմ մենք, ընդհանուր առմամբ, գոհ ենք խաղաղապահներու աշխատանքէն», ընդգծած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

Ալիեւ նաեւ «կատարեալ անհեթեթութիւն» կոչած է Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ Իսրայէլի ներկայութեան վերաբերեալ Իրանի պնդումները: «Մենք կը մերժենք Ազրպէյճանի դէմ բոլոր մեղադրանքները` ազատագրուած տարածքներուն մէջ Իսրայէլի ներկայութեան առնչուած: Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է», ըսած է ան:

«Ատիկա ընդամէնը պատրուակ է Ազրպէյճանը արատաւորելու համար եւ ուղղուած է ներքին լսարանին: Իւրաքանչիւր անձ կրնայ երթալ եւ տեսնել, որ այնտեղ նոյնիսկ կեանք չկայ: Ամէն ինչ քանդուած է», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Մեկնաբանելով աղմկայարոյց «Փանտորայի արկղ»-ի գայթակղութիւնը` ան ըսած է. «Ես երկար ժամանակ կը բախէի նմանատիպ հարցերու: Հաշուի առնելով քաղաքական կացութիւնը` մերթ ընդ մերթ Արեւմուտքի որոշ ուժեր կը փորձեն զրպարտութիւնը օգտագործել Ազրպէյճանի վարկը փճացնելու եւ անոր դիրքերը թուլացնելու համար: Յայտնի է, թէ ո՛վ կանգնած է ատոր ետին: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ կը նշուի նաեւ Ազրպէյճանը: Բնականաբար, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի յաղթանակը շատերու համար անակնկալ էր: Ատիկա անոնց հաճելի չեկաւ: Անոնք կ՛ուզեն Ազրպէյճանը տեսնել թոյլ, կախուածութեան մէջ եւ բռնագրաւումի տակ` միշտ օգնութիւն խնդրելով տագնապի լուծման համար: Սակայն Ազրպէյճանը ինք լուծեց տագնապը եւ յաղթանակ արձանագրեց Հայաստանի վրայ, եւ այժմ Հայաստանի հետ սերտօրէն առնչուած արեւմտեան շրջանակները աշխուժացած են: Մենք կը սպասէինք ասոր եւ գիտէինք, որ Ազրպէյճանը զրպարտելու արշաւը դարձեալ պիտի սկսի:

«Ես 18 տարիէ ի վեր նախագահ եմ: Նախապէս ես գործարար էի, կը զբաղէի գործարարութեամբ: Իմ կենսագրութիւնս շատ յայտնի է: Ես յաջողակ ձեռնարկատէր էի: Երբ ես նախագահ ընտրուեցայ, աղքատ չէի: Նախագահ ընտրուելէ ետք ես հեռացայ գործարարութենէն եւ զայն փոխանցեցի երեխաներուս: Անոնց հարստութիւնը հիմնականին մէջ կը գտնուի Ազրպէյճանի մէջ, սակայն կայ նաեւ ատկէ դուրս: Անոնց ամբողջ գործարարական գործունէութիւնը թափանցիկ է:

«Ես չեմ կարդացած այս փաստաթուղթերը: Ինծի ատոր մասին ըսին, եւ հաւանական է, որ ատոնք կը պարունակեն ճշմարտութեան հինգ առ հարիւրը, մնացածը սուտ է», շեշտած է Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Արդարադատութեան Տեսութիւնը Եւ Քաղաքական Առաջադրանքները

Յաջորդը

«Իրան Կ՛ակնկալէ, Որ Ազրպէյճանը Արդիւնաւէտ Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Իրանեան Բեռնակառքերու Տարանցիկ Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.