Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Եւ Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Քննարկեն Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

October 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երկուշաբթի օր հեռաձայնած է Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի: Երկու նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային հարցեր:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները քննարկած են շրջանային տագնապները լուծելու համար թափուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման ու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդող եւ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն շահերուն ծառայող շրջանային յարաբերութիւններու կառուցման համար շրջանին մէջ երկխօսութեան հոլովոյթները:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է. «Թագաւորութիւնը միշտ աշխատանք կը տանի յանուն երկխօսութեան, եւ կ՛ուզէ շրջանային առողջ յարաբերութիւններ` հիմնուած բարի դրացնութեան եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելուն վրայ»:

Ան աւելցուցած է, որ Պաղեստինեան դատը իր երկրին համար գլխաւոր դատը կը նկատուի:

Ապտոլլահեան իր կարգին յայտնած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը շրջանի պետութիւններուն հետ եղբայրական ու բարեկամական յարաբերութիւններ կ՛ուզէ` նշելով, որ Իրանն ու Յորդանանը այս յարաբերութիւնը ամրապնդելու համար պէտք է օգտագործեն շրջանին մէջ տնտեսական ու առեւտրական առիթներն ու կարելիութիւնները:

Ան շեշտած է «շրջանի բոլոր երկիրներուն, մասնաւորաբար Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:

Երկու նախարարները կոչ ուղղած են զարգացնելու յաաբերութիւնները եւ շարունակելու բոլոր հարցերուն շուրջ հաղորդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ շրջանային տարակարծութիւններու լուծման:

Նախորդը

Էրտողանն Ու Պայտընը Պիտի Քննարկեն Կովկասի Շրջանին Եւ Արցախի Առնչուող Հարցերը

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Դատապարտած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Երկիրներուն Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.