Պահչելի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «ՕԹԱՆ-ի Մէջ Անգարայի Դէմ Դաւեր Կը Նիւթեն»
Թուրքիոյ իշխող դաշինքի անդամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի ՕԹԱՆ-ի երկիրները մեղադրած է հակաթրքական դաշինք ստեղծելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ը: «Յունաստան Թուրքիոյ դէմ ճակատ կը ստեղծէ` դաշինքներ կնքելով Եգէական ծովուն եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ… Արդեօք այս համաձայնութիւնը (Ֆրանսայի եւ Յունաստանի միջեւ 28 սեպտեմբեր 2021-ի, «Ա.») չի՞ հակասեր ՕԹԱՆ-ի սկզբունքներուն», խորհրդարանին մէջ իր խմբակցութեան առջեւ արտասանած...




















