Սպաննուած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի համայնքներու պալատի անդամ, Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ամեսը: Այս մասին կը յայտնէ «Եուրոնիուզ»-ը:
Երեսփոխանին վրայ յարձակողը 25 տարեկան է: Ան քանի մը անգամ դանակով հարուածած է երեսփոխանը Պելֆարես եկեղեցւոյ մէջ ընտրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին: 25-ամեայ անձը ձերբակալուած է, յանցագործութեան դրդապատճառները կը հետաքննուին: