Միջազգային

Չաւուշօղլու Սպառնացած Է 10 Դեսպաններու Հարցին Պատճառով Հրաժարիլ

Չաւուշօղլու Սպառնացած Է 10 Դեսպաններու Հարցին Պատճառով Հրաժարիլ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնացած է հեռանալ, երբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած է «անբաղձալի անձ» յայտարարել 10 արեւմտեան դեսպանները, որոնք կոչ ուղղած էին ազատ արձակելու բանտարկուած գործարար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Ըստ օրաթերթին, Չաւուշօղլու, որ կը գտնուէր Հարաւային Քորէա, երբ Էրտողան շաբաթ օր այդ մասին յայտարարած է, զայն յորդորած է յետաձգել...

«Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ  Լարուածութեան Փուլը,  Որ Տեղի Ունեցած Է Հանրային  Հարթութեան Վրայ, Աւարտած Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Լարուածութեան Փուլը, Որ Տեղի Ունեցած Է Հանրային Հարթութեան Վրայ, Աւարտած Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան փուլը, որ տեղի ունեցած է հանրային հարթութեան վրայ, աւարտած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Թեհրանի մէջ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու հանդիպումի աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: «Մենք հաղորդակցութիւններ ունեցած ենք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, կը կարծեմ` մենք աւարտած ենք լարուածութեան հանրային փուլը:...

Էրտողանն Ու Ալիեւը Վարանդայի  Օդակայանին Բացումը Կատարած Են

Էրտողանն Ու Ալիեւը Վարանդայի Օդակայանին Բացումը Կատարած Են

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ մասնակցած են միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ այցելութեան ընթացքին Էրտողանին կ՛ընկերակցին խումբ մը նախարարներ, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը: Էրտողանի աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է անոր եւ...

Ալիեւն Ու Էրտողանը Արցախի Մէջ Դրած Են  Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հիմը

Ալիեւն Ու Էրտողանը Արցախի Մէջ Դրած Են Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հիմը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ծանօթացած են Ահմատպէյլի-Վարանդա (Ֆիզուլի)-Շուշի ինքնաշարժի մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: «ԱզերԹաճ»-ի հաղորդումով` պետութիւններու ղեկավարները մասնակցած են Հորատիզ-Ջրական (Ճեպրայիլ)-Կովսական (Զանգելան)-Աղբենդ (այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք») ինքնաշարժային ճամբու հիմնարկէքի արարողութեան:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կարծիքով` Իրանի Հետ Դիւանագիտութեան  Պատուհանը Երբեք Պիտի Չփակուի

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կարծիքով` Իրանի Հետ Դիւանագիտութեան Պատուհանը Երբեք Պիտի Չփակուի

Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը մտադիր է հիմնուիլ այն վարկածին վրայ, որ Իրանի մէջ հիւլէական զարգացման խնդիրը դիւանագիտական ճամբով լուծելու կարելիութիւններու պատուհանը «երբեք պիտի չփակուի»: Այս մասին օտարերկրեայ լրագրողներու համար մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Մալի: «Դիւանագիտութեան պատուհանը երբեք պիտի չփակուի: Մենք միշտ դրական տրամադրուած ենք Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնագիրներու նկատմամբ: Եւ մենք կը հաւատանք, որ...

Իսրայէլեան Օդուժը Յառաջիկայ Ամիսներուն  Պիտի Սկսի Նախապատրաստուելու  Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածելուն

Իսրայէլեան Օդուժը Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Սկսի Նախապատրաստուելու Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածելուն

Իսրայէլի օդուժը յաջորդ տարուընէ պիտի սկսի նախապատրաստուելու Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարուածներ հասցնելուն` ֆինանսաւորում յատկացնելով եւ թարմացնելով առաքելութեան վերապատրաստման ժամանակացոյցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը: Ինչպէս իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, 2015 թուականի հիւլէական գործարքի վերականգնման շուրջ ստեղծուած անորոշ կացութեան լոյսին տակ, Իսրայէլի բանակը վերջին ամիսներուն աշխուժացուցած է իր ջանքերը` նշանակալի ռազմական հարուած նախապատրաստելու Թեհրանի հիւլէական կառոյցներուն դէմ: «2015-ին Գործողութիւններու...

«10 Դեսպանները Ետդարձ Կատարեցին Քաւալան  Ազատ Արձակելու Իրենց Կեցուածքէն»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«10 Դեսպանները Ետդարձ Կատարեցին Քաւալան Ազատ Արձակելու Իրենց Կեցուածքէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ արեւմտեան երկիրներու 10 դեսպաններուն արտաքսման առնչուած դիւանագիտական ճգնաժամը լուծուած է` դեսպանատուներուն` Թուրքիոյ գործերուն չմիջամտելու մասին յայտարարութիւններէն ետք: Անցեալ շաբաթ օր Էրտողան յայտարարեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն հրամայած է «անբաղձալի անձ» յայտարարել Քանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, որոնք Թուրքիոյ կոչ ուղղած էին ազատ...

Պաքուն Արգելակած Է Իրանեան  «Սահար Թի. Վի.»-ի Կայքի  Ազրպէյճանական Բաժին Մուտքը

Պաքուն Արգելակած Է Իրանեան «Սահար Թի. Վի.»-ի Կայքի Ազրպէյճանական Բաժին Մուտքը

Ըստ «Քոքըսըս Ֆայքց Նիուզ» կայքին, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ փակուած է «Սահար Ազերի Նեթուըրք» կայքի մուտքը «Ազերի.սահարթիվի.իր» հասցէով, որուն հիմնական բովանդակութիւնը բաղկացած էր «Սահար» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդումներէն: Իրանեան «Քաֆքազ» կայքը կը գրէ, որ Ազրպէյճանի կապի եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը այս առնչութեամբ որեւէ բացատրութիւն չէ տուած: «Սահար»¬ը ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ բաւական տարածուած է: Ազրպէյճան Իրանի հետ վերջին լարուածութենէն ետք սկսած է երկրին մէջ...

«Աֆղանիստանէն Զինեալները Կրնան Գաղթականներու  Քողի Տակ Ներթափանցել ԱՊՀ-ի Երկիրներ»  Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

«Աֆղանիստանէն Զինեալները Կրնան Գաղթականներու Քողի Տակ Ներթափանցել ԱՊՀ-ի Երկիրներ» Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ լարուած ռումբ տեղադրած են` այնտեղ ձգելով մեծ քանակութեամբ զէնք` Թալեպան շարժումի իշխանութեան գալու լոյսին տակ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հաղորդումով յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: «Ներկայ իրավիճակին մէջ այդ զէնքը կրնայ դիւրութեամբ իյնալ ձեռքը ՏԱՀԵՇ-ի, Քայիտայի կամ այլ խմբաւորումներու ահաբեկիչներուն, որոնք լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն մեր պետութիւններուն համար», ըսած է ան Մոսկուայի մէջ` ԱՊՀ-ի...

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Սէուտական-Իրանեան  Բանակցութիւնները»  Կ՛ըսէ Իրանի Հարցով Ամերիկացի  Յատուկ Պատուիրակը

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Սէուտական-Իրանեան Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Իրանի Հարցով Ամերիկացի Յատուկ Պատուիրակը

Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ռոպըրթ Մալի «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ` «իրանեան նոր կառավարութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու» յայտարարութիւնը: «Կը յուսանք, որ երկխօսութիւնը նպաստէ լարուածութեան մեղմացման եւ շրջանային շարունակուող մտավախութիւններու փարատման», աւելցուց Մալի` նշելով, որ հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնումը պիտի նպաստէ շրջանային այդ ջանքերուն: Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնած էր. «Իրան-սէուտական...

Օթան Չ՛ուզեր Պաղ Պատերազմի  Կրկնութիւնը

«Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Յարաբերութիւնները Աղէտալի Չեն, Անոնք Պարզապէս Չկան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւնները կարելի չէ աղէտալի համարել, որովհետեւ անոնք պարզապէս չկան: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նորվեկիացի իր պաշտօնակից Աննիքեն Հիւթֆելտթի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Ես Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւնները աղէտալի չէի նկատեր, որովհետեւ աղէտալի ըլլալու համար պէտք է բան մը ունենալ: Մենք ՕԹԱՆ-ի հետ ոչ մէկ յարաբերութիւն...

Էրտողանը Այսօր Կ՛այցելէ Վարանդա,  Իսկ 12 Նոյեմբերին Ալիեւ Կ՛այցելէ Պոլիս

Էրտողանը Այսօր Կ՛այցելէ Վարանդա, Իսկ 12 Նոյեմբերին Ալիեւ Կ՛այցելէ Պոլիս

12 նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ կը նախատեսուի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ երէկ գրած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճըն: «Վաղը` 26 հոկտեմբերին, մեր նախագահները պիտի հանդիպին Ղարաբաղի մէջ, իսկ 12 նոյեմբերին` Պոլսոյ մէջ: Մենք կը սպասենք», կը նշուի թուրք դիւանագէտի յայտարարութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը իր միօրեայ այցելութեան...

Դատապարտելով Իրանցի Վարորդներէն  Տուրք Գանձելու Ազրպէյճանի Որոշումը`  «Կ՛ակնկալենք, Որ Ազրպէյճանը Վերջ Տայ Ատոր»  Կ՛ոսէ Իրանի Դեսպանը

Դատապարտելով Իրանցի Վարորդներէն Տուրք Գանձելու Ազրպէյճանի Որոշումը` «Կ՛ակնկալենք, Որ Ազրպէյճանը Վերջ Տայ Ատոր» Կ՛ոսէ Իրանի Դեսպանը

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին դատապարտած է Ազրպէյճանի «անթոյլատրելի քայլը` ուղղուած իրանցի վարորդներէն Գորիս-Կապան ճամբու հատուածը անցնելու ընթացքին տուրք պահանջելուն` աւելցնելով, որ ճամբուն վրայ տուրք գանձելը կը հակասէ զինադադարին»: «Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ բանակցութիւններուն համաձայն, որոնց իբրեւ արդիւնք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ զինադադար կնքուած է, Հայաստանի հարաւը գտնուող տարանցիկ ճամբուն...

Սուտանի Զարգացումներուն Նկատմամբ  Միջազգային «Խոր Մտահոգութիւն»

Սուտանի Զարգացումներուն Նկատմամբ Միջազգային «Խոր Մտահոգութիւն»

Ափրիկէի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճեֆրի Ֆելթման իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուտանի մէջ զինուորական յեղաշրջումի մասին տեղեկութիւններուն նկատմամբ: Ֆելթման երէկ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումէն հեռանալէ առաջ յայտարարեց. «Այսօր առաւօտեան շարք մը նախարարներու եւ պաշտօնատարներու ձերբակալութիւնները կը հակասեն սահմանադրական փաստաթուղթին, որ կը կառավարէ երկրին փոխանցման իշխանութիւնն ու զինուորական ու քաղաքային կողմերուն գործընկերութիւնը»: Ան զգուշացուց, որ փոխանցման կառավարութեան մէջ ուժի կիրարկումով որեւէ...

Սուրիական Բանակը Ամերիկեան Բանակի  Շարասիւնի Մը Արգելք Կը Հանդիսանայ  Մուտք Գործել Գիւղ Մը

Սուրիական Բանակը Ամերիկեան Բանակի Շարասիւնի Մը Արգելք Կը Հանդիսանայ Մուտք Գործել Գիւղ Մը

Սուրիական բանակէն զինուորներ եւ Հասաքէ նահանգէն քաղաքայիններ կիրակի օր ամերիկեան բանակի շարասիւնի մը արգիլած են Հասաքէի հիւսիսային գիւղական շրջանի իրենց գիւղէն` Տամխիէէն անցնիլ եւ ստիպած, որ ետդարձ կատարէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Ամերիկեան զինուորական շարասիւնը բաղկացած էր 6 զրահապատ մեքենաներէ: Շրջանի բնակիչները քարկոծած են շարասիւնը եւ ստիպած, որ շրջադարձ կատարէ եւ հեռանայ շրջանէն: Կիրակի օր Գամիշլիի գիւղական...

Եւրոպական Միութիւնը Ի Գիտութիւն  Ընդունած Է 10 Դեսպաններու  Վերաբերեալ Թուրքիոյ Որոշումը

Եւրոպական Միութիւնը Ի Գիտութիւն Ընդունած Է 10 Դեսպաններու Վերաբերեալ Թուրքիոյ Որոշումը

Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է 10 դեսպանները «անբաղձալի անձ» յայտարարելու մասին Թուրքիոյ որոշումը, սակայն անդամ երկիրները տակաւին պաշտօնական ծանուցումներ չեն ստացած: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթեր Սթանօ: Նախապէս Քանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ...

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ 7 Քաղաքացիներ  Կալանաւորուած Են` Անտառները  Հրդեհելու Կասկածով

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ 7 Քաղաքացիներ Կալանաւորուած Են` Անտառները Հրդեհելու Կասկածով

Անթալիոյ մէջ անտառներու ոչ միտումնաւոր հրդեհման կասկածով ձերբակալած, ապա կալանաւորած են Ռուսիոյ 7 քաղաքացիներ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան, կը հաղորդէ, որ դէպքը տեղի ունեցած է շաբաթ օր, երբ զբօսաշրջիկները «Լիքեան արահետի» երթուղիով քայլարշաւի կը մասնակցէին: Կիրակի օր տեղի ունեցած է դատական նիստ, որուն ծիրին մէջ որոշուած է նախաքննութեան ընթացքին կալանքի տակ պահել ռուս զբօսաշրջիկները: Կը...

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են  Մոսատի 15 Ենթադրեալ Գործակալներ

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են Մոսատի 15 Ենթադրեալ Գործակալներ

Այս ամսուան սկիզբը թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 15 անձեր, որոնք լրտեսած են Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի օգտին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.»-ն: 7 հոկտեմբերին, անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները յատուկ գործողութիւն մը կատարած են հանրապետութեան չորս նահանգներու մէջ` ձերբակալելով ազգութեամբ արաբ ենթադրեալ լրտեսներ, որոնք բաժնուած էին հինգ բջիջներու: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ շուրջ 200 հետախոյզ մասնակցած է ենթադրեալ լրտեսներու բացայայտման...

ՀԱՊԿ-ի Երկիրները Սկսած Են Տաճիկիստանէն  Հեռացնել Իրենց Զօրքերն Ու Սպառազինութիւնը

ՀԱՊԿ-ի Երկիրները Սկսած Են Տաճիկիստանէն Հեռացնել Իրենց Զօրքերն Ու Սպառազինութիւնը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու զինուորները Աֆղանիստանի հետ սահմանին մօտ կատարած իրենց ռազմափորձերէն ետք սկսած են զօրքերու եւ սպառազինութեան Տաճիկիստանէն հեռացումը: «Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի զինեալ ուժերու զինուորները, որոնք մասնակցած են ՀԱՊԿ-ի միացեալ ռազմափորձերուն, սկսած են վերադառնալ մնայուն տեղակայման դիրքեր», «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` յայտնած է Ռուսիոյ Կեդրոնական զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը: Զօրքերու եւ սպառազինութեան...

Իսրայէլ Երէկ Արշալոյսին  Սուրիոյ Հարաւը Նոր Յարձակում Մը Գործած Է

Իսրայէլ Երէկ Արշալոյսին Սուրիոյ Հարաւը Նոր Յարձակում Մը Գործած Է

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը երէկ Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Իսրայէլ այսօր արշալոյսին հարաւային շրջանին վրայ նոր յարձակում մը գործեց` սուրիական հողերու անձեռնմխելիութեան ու գերիշխանութեան վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումներուն ծիրին մէջ»: Աղբիւրը նշած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Տարաա նահանգին մէջ հաշտութիւններու գոյացումէն, անվտանգութեան եւ ապահովութեան վերականգնումէն ու պետութեան վերահսկողութեան վերահաստատումէն ետք: Աղբիւրը յարձակումը...

Page 306 of 883 1 … 305 306 307 … 883

Արխիւներ