Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ մասնակցած են միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ այցելութեան ընթացքին Էրտողանին կ՛ընկերակցին խումբ մը նախարարներ, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը:
Էրտողանի աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է անոր եւ Ազրպէյճանի նախագահի հանդիպումը, որուն ընթացքին, համաձայն թրքական կողմի հրապարակած տեղեկատուութեան, պիտի քննարկուին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, միտքեր պիտի փոխանակուին շրջանային եւ միջազգային հոլովոյթներու վերաբերեալ:



