Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է 10 դեսպանները «անբաղձալի անձ» յայտարարելու մասին Թուրքիոյ որոշումը, սակայն անդամ երկիրները տակաւին պաշտօնական ծանուցումներ չեն ստացած: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթեր Սթանօ:
Նախապէս Քանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները Թուրքիոյ կոչ ուղղած էին ազատ արձակելու իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան: Դիւանագէտները կանչուած էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոնց յիշեցուցած էին դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի հռչակագիրը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին:
Այնուհետեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ արտաքին գործոց նախարարութեան հրահանգած է անյապաղ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի նշեալ 10 դեսպանները անբաղձալի անձ յայտարարուին:
«Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք եւ ուշադիր կը հետեւինք իրադարձութիւններուն` վերջին յայտարարութենէն ետք: Երկիրները տակաւին ծանուցումներ չեն ստացած, ուստի ես առայժմ ձեռնպահ պիտի մնամ հետագայ մեկնաբանութիւններէն», ըսած է Սթանօ:
Թրքական Թղթոսկին Աննախադէպ
Անկում Կ՛արձանագրէ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու եւ 9 այլ արեւմտեան երկիրներու` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Նետերլանտներու, Քանատայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Նոր Զելանտայի դեսպանները երկրէն վտարել հրամայած ըլլալուն մասին յայտարարելէն ետք, թրքական թղթոսկիի արժէքը երկուշաբթի օր աննախադէպ կերպով նուազելով տոլարին դիմաց հասաւ 9,85-ի:
Դրամատնային մարզի պաշտօնատարներ առաւօտեան ելեւմտական գործողութիւններուն մէջ թրքական թղթոսկիի արժէքին նուազումը վերագրեցին Էրտողանի` շաբաթ օր կատարած յայտարարութեան:
Նշենք, որ թրքական թղթոսկին 2021 թուականի սկիզբէն ի վեր 24 առ հարիւրի անկում կրած էր եւ ուրբաթ օր տոլարին դիմաց հասած 9,5950-ի:
Կիւլ Եւ Տաւութօղլու Դատապարտած Են
Դեսպաններու Մասին Էրտողանի Յայտարարութիւնը
Թուրքիոյ նախկին նախագահ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա Կիւլ դատապարտած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` դեսպաններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան հրամայած է անբաղձալի անձ յայտարարել թուրք իրաւապաշտպան, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Օսման Քաւալան ազատելու կոչ ուղղած 10 երկիրներու դեսպանները:
«Էրտողանի այդ յայտարարութիւնը քննարկումներու պատճառ դարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Նիւթին արձագանգած են Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլն ու նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն: Շարք մը երկիրներ արդէն իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են խնդիրին նկատմամբ», կը գրէ կայքը:
Կիւլ Էրտողանի յայտարարութիւնը անընդունելի նկատելով, նշած է, որ դեսպանները միայն իրենց երկրի ղեկավարութեան հրամանը կը կատարեն, եւ անոնք պէտք չէ անձամբ պատասխանատուութիւն կրեն:
Կիւլի կարծիքով` դեսպաններու արտաքսումը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ եւ պատճառ դառնայ նոր խնդիրներու: Ըստ անոր, կարելի չէ արտօնել, որ այս խնդիրը վերածուի ճգնաժամի, որովհետեւ ատիկա ոչ մէկ երկրի շահէ կը բխի: Կիւլի կարծիքով` հարցը պէտք է վստահիլ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:
Տաւութօղլու դատապարտելով Էրտողանի յայտարարութիւնը յայտնած է. «Պէտք չէ արտօնել, որ կացութիւնը հասնի այնպիսի կէտի մը, որմէ ետ կանգնիլ այլեւս կարելի պիտի չըլլայ»: Ան նշած է, որ ատիկա կրնայ դառնալ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ դիւանագիտական մեծագոյն ճգնաժամը: