Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը երէկ Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Իսրայէլ այսօր արշալոյսին հարաւային շրջանին վրայ նոր յարձակում մը գործեց` սուրիական հողերու անձեռնմխելիութեան ու գերիշխանութեան վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումներուն ծիրին մէջ»:
Աղբիւրը նշած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Տարաա նահանգին մէջ հաշտութիւններու գոյացումէն, անվտանգութեան եւ ապահովութեան վերականգնումէն ու պետութեան վերահսկողութեան վերահաստատումէն ետք: Աղբիւրը յարձակումը նկատեց «իսրայէլեան բռնագրաւումի գոյացութեան կողմէ պարտութեան մատնուած ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ իր գործիքներուն եւ գործակալներուն աջակցելու յուսահատ փորձ» մը:
Աղբիւրը շեշտեց, որ Սուրիան կը վերահաստատէ այդ յարձակումներուն հակադարձելու իր իրաւունքն ու կարողութիւնը: