Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուտանի Զարգացումներուն Նկատմամբ Միջազգային «Խոր Մտահոգութիւն»

October 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ափրիկէի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճեֆրի Ֆելթման իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուտանի մէջ զինուորական յեղաշրջումի մասին տեղեկութիւններուն նկատմամբ:

Ֆելթման երէկ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումէն հեռանալէ առաջ յայտարարեց. «Այսօր առաւօտեան շարք մը նախարարներու եւ պաշտօնատարներու ձերբակալութիւնները կը հակասեն սահմանադրական փաստաթուղթին, որ կը կառավարէ երկրին փոխանցման իշխանութիւնն ու զինուորական ու քաղաքային կողմերուն գործընկերութիւնը»:

Ան զգուշացուց, որ փոխանցման կառավարութեան մէջ ուժի կիրարկումով որեւէ փոփոխութիւն կը վտանգէ Սուտանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել երկուշաբթի օր Սուտանի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց փոխանցման հոլովոյթին վերադառնալու:

Պորել «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Սուտանի մէջ դէպքերու զարգացման: Եւրոպական Միութիւնը բոլոր ուժերուն եւ շրջանային գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ վերադառնալու փոխանցման հոլովոյթին»:

Սուտանի հարցով Բրիտանիոյ յատուկ պատուիրակը իր կարգին «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց զինուորականներու կողմէ կառավարութեան քաղաքային անդամներու ձերբակալման մասին զեկուցումներուն նկատմամբ` նշելով. «Այդպիսի որեւէ քայլ յեղափոխութեան, փոխանցման եւ սուտանցի ժողովուրդին նկատմամբ դաւաճանութիւն է»:

Սուտանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Վոլքըր Փիրց յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը խոր մտահոգութիւն կը զգայ Սուտանի մէջ յեղաշրջումի եւ փոխանցման քաղաքական հոլովոյթի ականահարման փորձերուն մասին լուրերուն նկատմամբ:

Ռուսիոյ Տուման եւս մտահոգութիւն յայտնեց Սուտանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ մօտէն կը հետեւի այդտեղի զարգացումներուն:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դատապարտեց Սուտանի մէջ «յեղաշրջումի փորձը» եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս ազատ արձակելու Համտուքն ու քաղաքային ղեկավարները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ «խոր մտահոգութեամբ» կը հետեւի Սուտանի մէջ յեղաշրջման փորձի վերաբերեալ լուրերուն:

Նախքան այդ, Սուտանի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հրապարակած էր տնային կալանքի տակ գտնուող Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուքի ուղերձը, որուն մէջ ան սուտանցիներուն կոչ կ՛ուղղէր խաղաղ գործելաոճին կառչելու: «Համտուք սուտանցիներուն կոչ ուղղեց գրաւելու փողոցները` պաշտպանելու համար իրենց յեղափոխութիւնը», ըսաւ նախարարութիւնը:

Համտուքի խօսքէն ետք, տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ բանակէն զօրախումբ մը ձերբակալած է երկրին վարչապետը եւ զայն անորոշ վայր տարած:

Սուտանի Գերիշխանութեան խորհուրդի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Պուրհան յայտնեց, որ զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն ժողովրդավարական փոխանցումը, մինչեւ իշխանութեան ընտրուած կառավարութեան մը յանձնումը` նշելով, որ Սուտանի կացութիւնը կը վտանգէ երկրին ապագան:

Ան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց Գերիշխանութեան եւ նախարարաց խորհուրդի լուծարումը, նահանգապետներու պաշտօնազրկումը, երկրին մէջ արտակարգ դրութեան յայտարարումն ու սահմանադրութեան կարգ մը կէտերու գործադրման առկախումը:

Սուտանի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք, 2019-ին Սուտանի նախկին նախագահ Օմար Պաշիրի իշխանութեան տապալումէն ետք իշխանութիւնը բաժնեկցող զինուորական եւ քաղաքային կողմերուն միջեւ ընթացք առած փոխադարձ ամբաստանութիւններու պատճառով լարուած մթնոլորտ կը տիրէ:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Ամերիկեան Բանակի Շարասիւնի Մը Արգելք Կը Հանդիսանայ Մուտք Գործել Գիւղ Մը

Յաջորդը

Դատապարտելով Իրանցի Վարորդներէն Տուրք Գանձելու Ազրպէյճանի Որոշումը` «Կ՛ակնկալենք, Որ Ազրպէյճանը Վերջ Տայ Ատոր» Կ՛ոսէ Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.