Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Սպառնացած Է 10 Դեսպաններու Հարցին Պատճառով Հրաժարիլ

October 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնացած է հեռանալ, երբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած է «անբաղձալի անձ» յայտարարել 10 արեւմտեան դեսպանները, որոնք կոչ ուղղած էին ազատ արձակելու բանտարկուած գործարար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

Ըստ օրաթերթին, Չաւուշօղլու, որ կը գտնուէր Հարաւային Քորէա, երբ Էրտողան շաբաթ օր այդ մասին յայտարարած է, զայն յորդորած է յետաձգել որոշումը մինչեւ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք նախարարաց խորհուրդի նիստը, եւ դէմ առ դէմ խօսիլ:

«Եթէ դեսպանները անբաղձալի անձ յայտարարուին, ես ստիպուած պիտի ըլլամ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնս լքել», Էրտողանին ըսած է Չաւուշօղլու: Նախագահը պատասխանած է, որ նախարարը ոչինչ կրնայ ընել:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները, ըստ յօդուածին, նախազգուշացուցած են որոշումին Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Քանատայի նման երկիրներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վրայ ազդեցութենէն:

Անոնք փորձած են փոխզիջում գտնել, որմէ ետք նախագահի աշխատակազմը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ձեռնարկած են քայլերու` համոզելու վերոյիշեալ դեսպանատուները, որ անոնք պէտք չէ միջամտեն երկրի ներքին գործերուն: Սակայն Էրտողանի խօսքերը յայտնուած են աշխարհի մամուլին մէջ, իսկ երկուշաբթի թրքական լիրայի սակը իջած է մրցանշային ցած մակարդակի:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն հաւատարիմ պիտի մնայ Վիեննայի հռչակագրի 41-րդ յօդուածին եւ կը խոստանայ չմիջամտել այլ երկիրներու ներքին գործերուն:

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Լարուածութեան Փուլը, Որ Տեղի Ունեցած Է Հանրային Հարթութեան Վրայ, Աւարտած Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

«Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Ուքրանիոյ Մատակարարումը Չի Նպաստեր Տոնպասի Մէջ Կացութեան Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.