Միջազգային

Ամերիկացի Օրէնսդիրներ Ամերիկեան Վարչակազմը  Կը Յորդորեն «Իբրեւ Հակառակորդ Վարուող  Դաշնակիցին»` Թուրքիոյ «Էֆ-16» Հալածիչներ Չծախել

Ամերիկացի Օրէնսդիրներ Ամերիկեան Վարչակազմը Կը Յորդորեն «Իբրեւ Հակառակորդ Վարուող Դաշնակիցին»` Թուրքիոյ «Էֆ-16» Հալածիչներ Չծախել

Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու անդամ ամերիկացի օրէնսդիրները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յորդորեցին Թուրքիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներ չծախել, եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ Քոնկրեսը այդպիսի գործարք մը պիտի խոչընդոտէ: Ներկայացուցիչներու տան 11 անդամներ նախագահ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած իրենց նամակին մէջ իրենց «խոր մտահոգութիւն»-ը յայտնեցին Թուրքիոյ «Լոքհիտ Մարթին»-ի արտադրութեամբ նոր 40 «ԷՖ-16» օդանաւեր եւ նոյն տիպի օդանաւի...

Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ  Հանդիպումի Արդիւնքները

Սպիտակ Տունը Առայժմ Չի Կրնար Հաստատել Պայտըն-Էրտողան Հանդիպման Մասին Տեղեկութիւնը

Ամերիկեան վարչակազմը առայժմ չի կրնար հաստատել, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Կլասքոյի մէջ հանդիպում պիտի ունենան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքին: «Հիմա ես տակաւին ոչինչ կրնամ հաստատել», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պայտընն ու Էրտողանը կը նախատեսե՞ն...

Ֆրանսական Հակահետախուզութեան  Աշխատակիցները  Կանխած Են Պետական Յեղաշրջման Փորձը

Ֆրանսական Հակահետախուզութեան Աշխատակիցները Կանխած Են Պետական Յեղաշրջման Փորձը

Ֆրանսայի Ներքին անվտանգութեան ընդհանուր վարչութիւնը բացայայտած է Ֆրանսայի մէջ յեղաշրջման ծրագիր մը, զոր փորձած է կազմակերպել «Ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան նախկին երեսփոխան Ռեմի Տայէն` իր հետեւորդներուն հետ: Այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական « Լը Փարիզիեն» թերթը: Տայէն կասկածելի է նաեւ Ֆրանսայի մէջ պատուաստումներու կեդրոններու վրայ յարձակումներ կազմակերպելու մէջ: Այժմ նախկին երեսփոխանը կալանքի տակ է: Հետաքննութեան տուեալներով` Տայէն ստեղծած է ընդյատակեայ ահաբեկչական...

Ըստ «Հապեր 7»-ի.  Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Վրայ  4-րդ Եւ Հզօրագոյն Յարձակումին  Կը Նախապատրաստուի

Ըստ «Հապեր 7»-ի. Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Վրայ 4-րդ Եւ Հզօրագոյն Յարձակումին Կը Նախապատրաստուի

Թուրքիան սկսած է նախապատրաստել Սուրիոյ մէջ հզօր յարձակումի: Այս հաղորդագրութիւնը հրապարակած է թրքական «Հապեր 7» տեղեկատուական աղբիւրը, որուն աղբիւրներուն համաձայն, բացի զինուորականներէն, Անգարան մտադիր է օգտուիլ թրքամէտ զինեալներու ծառայութենէն: Չորրորդ զինուորական գործողութեան պիտի մասնակցի 35 հազար մարդ: Կը նշուի, որ նոր բռնագրաւումը ուղղուած է Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալները ոչնչացնելուն: Վերջիններս տեղակայուած են Հասաքէ, Ռաքքա եւ Հալէպ նահանգներու 7 շրջաններու մէջ:...

«Ուժ Պիտի Կիրարկենք, Որովհետեւ Անիկա  Բրիտանիոյ Հասկցած Միակ Լեզուն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Ծովուժի Հարցերու Նախարարը

«Ուժ Պիտի Կիրարկենք, Որովհետեւ Անիկա Բրիտանիոյ Հասկցած Միակ Լեզուն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Ծովուժի Հարցերու Նախարարը

Ֆրանսայի ծովուժի հարցերու նախարար Աննիք Ժիրարտան նշեց. «Բրիտանացիները չեն յարգեր Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համար իրենց ստորագրածը, ինչ որ անընդունելի է: «Ասիկա պատերազմ չէ, սակայն ճակատամարտ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուժ պիտի կիրարկենք, որովհետեւ անիկա Բրիտանիոյ հասկցած միակ լեզուն է»: Ֆրանսական կառավարութիւնը հաղորդած էր, որ բերանացի զգուշացում յղած է բրիտանական երկու նաւերու, որոնք Լը Հաւրի ծովափին մօտ ֆրանսական ջուրերուն...

«Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական  Համաձայնութեան Վերադարձով Շատ Խանդավառ Չենք»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Համաձայնութեան Վերադարձով Շատ Խանդավառ Չենք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հիւլէական համաձայնութեան վերադարձով շատ խանդավառ չէ, «եթէ հարցը միայն անոր վերադարձով սահմանափակուի: Աւելի կարեւորը ատոր ունենալիք արդիւնքն է»: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը հարց տուաւ, թէ այդ վերադարձը Իրանի շահերուն պիտի ծառայէ՞, թէ՞ ոչ, եւ արդեօք արգելքի ջնջման պիտի յանգեցնէ՞, թէ՞ յաւելեալ արգելքներու հաստատման պիտի առաջնորդէ: Ան վստահեցուց, որ...

Ռիատ Իր Զինուորական Պաշտպանութեան  Ամրապնդման Համար Ուաշինկթընի  Օգնութիւնը Կը Խնդրէ

Ռիատ Իր Զինուորական Պաշտպանութեան Ամրապնդման Համար Ուաշինկթընի Օգնութիւնը Կը Խնդրէ

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ռիատ նախ եւ առաջ ամերիկեան զէնքեր կ՛ուզէ հուսիներու անօդաչու թռչող սարքերով եւ թեւաւոր հրթիռներով յարձակումներէն ետք թագաւորութեան պաշտպանութեան համակարգերը ամրապնդելու համար: Ամերիկեան կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, յայտնած է. «Հրապարակաւ ու գաղտնաբար, նաւահանգիստի եւ օդակայանի հարցին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերենք… ատիկա Սէուտական Արաբիոյ ընելիք ճիշդ բանն է»:...

Թրքուհին Գերմանիոյ Խորհրդարանի  Փոխնախագահ Ընտրուած Է

Թրքուհին Գերմանիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահ Ընտրուած Է

Պունտըսթակի փոխնախագահի պաշտօնին առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է ծագումով թուրք մը` Այտան Էօզողուզը: Ան վստահ է, որ այլ երկիրներէ Գերմանիա հասած ներգաղթեալները, ցանկութեան եւ պատշաճ յամառութեան պարագային, կրնան Գերմանիոյ մէջ բարձր պաշտօնի հասնիլ: Էօզողուզ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ է: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին քաղաքական գործիչը նշած է, որ իր` Պունտըսթակի բարձր պաշտօնին ընտրուիլը իւրայատուկ ուղերձ է Գերմանիոյ...

Ալճերիական Իշխանութիւնները ԱՖՓ-էն  Կը Պահանջեն Դադրեցնել Իր «Թշնամական Արշաւ»-ը  Եւ Կը Սպառնան Զայն Արգիլել

Ալճերիական Իշխանութիւնները ԱՖՓ-էն Կը Պահանջեն Դադրեցնել Իր «Թշնամական Արշաւ»-ը Եւ Կը Սպառնան Զայն Արգիլել

Ալճերիական իշխանութիւնները սպառնացին ԱՖՓ-ին արգիլել ալճերիական հողերուն վրայ գործելէ` Ալճերիոյ դէմ անոր «զզուելի թշնամական արշաւ»-ին պատճառով: Նշենք, որ Ալճերիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան պատճառով: «Լը Մոնտ» օրաթերթը մէջբերած էր Մաքրոնի յայտարարութիւնը, թէ Ալճերիան 1962-ին իր անկախութենէն ետք հիմնուեցաւ յիշողութեան աղաւաղման վրայ, որ ամրագրուեցաւ «քաղաքական-զինուորական վարչակարգ»-ին կողմէ: Ան կասկածի տակ առած էր ֆրանսական գաղութատիրութենէն...

Պաքուի Զինուորական Դատարանը  Ազրպէյճանի Ազգային Հերոսը Դատապարտած Է  10 Տարուան Բանտարկութեան

Պաքուի Զինուորական Դատարանը Ազրպէյճանի Ազգային Հերոսը Դատապարտած Է 10 Տարուան Բանտարկութեան

Ազրպէյճանցի զօրավար Ռովշան Աքպերով մեղաւոր ճանչցուած է գործարար Էլչին Ալիեւի կանխամտածուած սպանութեան համար, որ տեղի ունեցած էր Քիեւի մէջ 2001 թուականին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ անոր բոլոր զինուորական եւ պատուոյ կոչումները կը պահպանուին: Ռովշան Աքպերով ծնած է Պաքու, աւարտած է Քիեւի համազօրային սպառազինութեան բարձրագոյն հրամանատարական դպրոցը: Մասնակցած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմին եւ 1995 թուականի ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանման կողմէ հակակառավարական...

«Տագնապներու Պատճառով Աշխարհի Վրայ  Գաղթականներու Թիւը Հասած Է  Մրցանշային 48 Միլիոնի»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ

«Տագնապներու Պատճառով Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Թիւը Հասած Է Մրցանշային 48 Միլիոնի» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

Տագնապներու պատճառով աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանշային ցուցանիշ է: Այս մասին յայտարարած է ներքին տեղահանուած անձերու խնդիրներով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Խիմենես Տամարին` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի երրորդ կոմիտէին մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Թիւը այն մարդոց, որոնք զինեալ տագնապներու եւ բռնութեան պատճառով հարկադրուած են տեղահանուելու...

Պայտընի Խորհրդականն Ու Էրտողանի  Բանբերը Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Պայտընի Խորհրդականն Ու Էրտողանի Բանբերը Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են` քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները, «Էֆ-35/Էֆ-16»-ի հարցը, կլիմայի համաշխարհային փոփոխութիւնը, Աֆղանիստանը, Սուրիան, Լիպիան, Արցախը, Յունաստանը, Արեւելեան Միջերկրականը եւ շրջանային այլ զարգացումներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը: Քննարկուած են նաեւ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ճօ Պայտընի միջեւ Կլասքոյի կլիմայական վեհաժողովի...

Էրտողան. «Անգարայի Համբերութիւնը Սպառած Է.  Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Պայքարը Որակապէս  Նոր Մակարդակի Պիտի Հասնի»

«Յոյսով Ենք, Որ Իրան Խելամտօրէն Պիտի Գործէ. Այդ Պարագային Ազրպէյճանի Հետ Խնդիրներ Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Յոյսով ենք, որ Իրան խելամտօրէն պիտի գործէ: Այդ պարագային Ազրպէյճանի հետ խնդիրներ պիտի չունենայ», Ազրպէյճանէն վերադառնալուն պէս տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով Իսրայէլ-Ազրպէյճան համագործակցութեան հարցին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը վճռական է, եւ ան որեւէ զիջում պիտի չկատարէ: «Ոչ մէկ զիջում կը կատարուի: Մենք...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Գործնական  Քայլերու Կը Ձեռնարկեն  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Իրագործման Համար»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Գործնական Քայլերու Կը Ձեռնարկեն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Իրագործման Համար»

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ծանօթացած են Ահմատպէյլի-Վարանդա(Ֆիզուլի)-Շուշի մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: Ազրպէյճանի ճամբաներու պետական գործակալութեան նախագահ Սալեհ Մամետով մայրուղիի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին անոնց ներկայացուցած է ընթացիկ աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Դուք կ՛երթաք մինչեւ Հայաստանի հետ սահման, այնպէս չէ՞: Դուք աւելի հեռու պիտի երթաք», ըսած է Էրտողան:...

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Բռնագրաւուած  Կովսականի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Բռնագրաւուած Կովսականի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքարն ու Զաքիր Հասանովը հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Կովսականի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան: Հասանով վստահութիւն յայտնած է գործընկերութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման նկատմամբ, ինչ որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան եւ աջակցութեան վրայ:...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկարաձգած Է  Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Լիբանանի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Լիազօրութիւնը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկարաձգած Է Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Լիբանանի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Լիազօրութիւնը

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ զինեալ ուժերու «անդրսահմանային հակաահաբեկչական գործողութիւններ» կատարելու համար լիազօրութիւնը երկու տարիով երկարաձգելու կառավարութեան դիմումին: Իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը եւ Լաւ կուսակցութիւնը առաջարկին թեր քուէարկած են, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` դէմ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ խորհրդարան ուղարկուած օրինագիծը թուրք զինուորներուն կ՛արտօնէ յաւելեալ...

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներուն.  Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Իսրայէլեան Օդանաւ Մը Էջք  Կատարած Է Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներուն. Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Իսրայէլեան Օդանաւ Մը Էջք Կատարած Է Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Իսրայէլեան անձնական օդանաւ մը էջք կատարած է Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի «Մալեք Խալետ» օդակայանին մէջ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ իսրայէլեան օդանաւի մը կ՛արտօնուի էջք կատարել Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Իսրայէլեան օդանաւի էջքէն մէկ օր առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն պատկանող «Ռոյըլ Ճեթ» օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ-737» օդանաւը էջք կատարած է Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի «Պեն...

Ծերակոյտը Թուրքիոյ Մէջ  Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանի Պաշտօնին Հաստատած Է Ֆլէյքը

Ծերակոյտը Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին Հաստատած Է Ֆլէյքը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը լրիւ կազմով 26 հոկտեմբերին Ճեֆ Ֆլէյքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այդ մասին հաղորդած է Ծերակոյտի մամլոյ ծառայութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ առաջադրուած թեկնածութիւնը հաստատուած է միաձայնութեամբ: Ֆլէյք անցեալին եղած է ծերակուտական եւ 2013-էն 2019 թուական Քոնկրեսի վերին պալատին մէջ ներկայացուցած է Արիզոնա նահանգը: 2001-ին ան նաեւ ընտրուած...

Պլինքըն Իր «Խոր Մտահոգութիւն»-ը Կը Յայտնէ  Սուտանի Մէջ Բանակին  Իշխանութեան Տիրելուն Առնչութեամբ

Պլինքըն Իր «Խոր Մտահոգութիւն»-ը Կը Յայտնէ Սուտանի Մէջ Բանակին Իշխանութեան Տիրելուն Առնչութեամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց Սուտանի վարչապետին ազատ արձակումը եւ դարձեալ սուտանեան զինեալ ուժերուն կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու քաղաքային ղեկավարներն ու երաշխաւորելու անոնց անվտանգութիւնը: Պլինքըն Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուքի հետ զրոյցի մը ընթացքին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց բանակին իշխանութեան տիրելուն շարունակման առնչութեամբ եւ դարձեալ նշեց, որ զինեալ ուժերը պէտք է ինքնազսպումի դիմեն եւ խուսափին ցուցարարներուն հակադարձելու ընթացքին...

Փեսքով. «Մոսկուա Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Կրակոցն Ու Նստելու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

«Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Ուքրանիոյ Մատակարարումը Չի Նպաստեր Տոնպասի Մէջ Կացութեան Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Փեսքով

Թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու Ուքրանիոյ մատակարարումը կրնայ յանգեցնել Տոնպասի շփման գիծին վրայ տիրող կացութեան ապակայունացման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Փեսքով: «Մենք իսկապէս լաւ եւ յատուկ յարաբերութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ, սակայն տուեալ պարագային, ցաւօք սրտի, կը հաստատուին մեր մտավախութիւնները, որ ուքրանացի զինուորականներուն նման տեսակի սպառազինման մատակարարումները կրնան յանգեցնել...

Page 305 of 883 1 … 304 305 306 … 883

Արխիւներ