Սուրիական բանակէն զինուորներ եւ Հասաքէ նահանգէն քաղաքայիններ կիրակի օր ամերիկեան բանակի շարասիւնի մը արգիլած են Հասաքէի հիւսիսային գիւղական շրջանի իրենց գիւղէն` Տամխիէէն անցնիլ եւ ստիպած, որ ետդարձ կատարէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ամերիկեան զինուորական շարասիւնը բաղկացած էր 6 զրահապատ մեքենաներէ: Շրջանի բնակիչները քարկոծած են շարասիւնը եւ ստիպած, որ շրջադարձ կատարէ եւ հեռանայ շրջանէն:
Կիրակի օր Գամիշլիի գիւղական շրջանի Համօ գիւղի բնակիչները մէկ շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով արգելք հանդիսացած են ամերիկեան բանակի 5 զրահապատներէ բաղկացած շարասիւնի մը եւ զայն քարկոծելով չեն արտօնած, որ Գամիշլի քաղաքը իրաքեան սահմանին կապող «Էմ 4» ճամբուն մօտ գտնուող իրենց գիւղը մտնէ: