Միջազգային

Ֆրանչիսկոս Պապը` Կիպրոսի Մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապը` Կիպրոսի Մէջ

Նախանցեալ օր Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը այցելեց Կիպրոս: Ան օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ: Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք պապը ուղղուեցաւ մարոնիներու Շնորհքներու Տիրամայր եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի կաթողիկէ կղերական դասին հետ` ներկայութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին եւ Երուսաղէմի լատիններու Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա պատրիարքին: Նշենք, որ Հռոմէն Լառնաքա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին սրբազան քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց իրեն հետ ճամբորդող 77...

Հրաժեշտի Արարողութիւն`  Նուիրուած Անկելա Մերքելին

Հրաժեշտի Արարողութիւն` Նուիրուած Անկելա Մերքելին

Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է Անկելա Մերքելի ի պատիւ հրաժեշտի արարողութիւն: Մերքել 16 տարի կառավարութեան մէջ աշխատելէ ետք կը լքէ Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը: Մերքելի լիազօրութիւնները իբրեւ վարչապետ պաշտօնապէս կը դադրին մինչեւ 8 դեկտեմբեր: «Երեկոյեան մեծ լուսաբաց» կոչուած արարողութիւնը կազմակերպուած է Գերմանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ` պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին բակին մէջ: «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով արարողութիւնը տեղի ունեցած է սահմանափակ ձեւաչափով: Ներկայ...

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Իրանի Հետ  Բանակցութիւնները Դադրեցնելու  Իսրայէլի Խնդրանքը

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Դադրեցնելու Իսրայէլի Խնդրանքը

Ամերիկեան վարչակազմը փաստացի մերժած է Իսրայէլի ղեկավարութեան կոչը` դադրեցնելու հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի հետ բանակցութիւնները, կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իւրաքանչիւր երկիր, որոնց շարքին մեր բարեկամ Իսրայէլը, ունի իր տեսակէտի իրաւունքը: Մեր տեսակէտը այն է, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է շարունակուի` օգտագործելով այն կարելիութիւնները, որոնք թոյլ կու տան դիւանագիտական քննարկումներու` ապահովելու համար մեծ հասանելիութիւն (հիւլէական թղթածրարին), վերադարձ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ...

Չաւուշօղլու Եւ Լաւրով Քննարկեցին  Խաղաղութեան Ամրապնդումը Կովկասի Մէջ

Չաւուշօղլու Եւ Լաւրով Քննարկեցին Խաղաղութեան Ամրապնդումը Կովկասի Մէջ

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Սթոքհոլմի մէջ քննարկեցին ջանքերու համակարգումը կարգ մը ուղղութիւններով, որոնց շարքին` Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի հետագայ կայունացումը: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Չաւուշօղլու եւ Լաւրով քննարկած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը: «Արտաքին գործոց նախարարները համադրած են մօտեցումները երկկողմանի յարաբերութիւններու առանցքային հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած են ջանքերու համակարգումը շրջանային...

Իրանը Երկու Առաջարկ Ներկայացուցած Է  Հիւլէական Ծրագիրին Վերադառնալու Շուրջ

Իրանը Երկու Առաջարկ Ներկայացուցած Է Հիւլէական Ծրագիրին Վերադառնալու Շուրջ

Իրանը մեծ պետութիւններուն երկու առաջարկ ներկայացուցած է 2015-ի հիւլէական ծրագիրին վերադառնալու շուրջ. այժմ բանակցութիւններուն միւս կողմերը պէտք է ծանօթանան այդ փաստաթուղթերուն, յայտարարած է Իրանի գլխաւոր բանագնաց Ալի Պաղերի: Ըստ անոր, առաջարկը կը վերաբերի երկու նիւթերու` խիստ կոշտ պատժամիջոցներու վերացման եւ իւրանիոմի հարստացման շուրջ տարակարծութիւններուն: 2015-ին ստորագրուած համաձայնագիրով Թեհրանը համաձայնած էր դադրեցնել իւրանիոմի հարստացումը` արեւմտեան պատժամիջոցներու սառեցումին դիմաց: Սակայն, երեք տարի...

Իսրայէլ Պետութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ  Դադրեցնելու Իրանի Հետ Հիւլէական  Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները

Իսրայէլ Պետութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կոչ ուղղած է աշխարհի պետութիւններուն անմիջապէս դադրեցնելու Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները` վկայակոչելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան այն յայտարարութիւնը, որ Թեհրան սկսած է հարստացուած իւրանիոմ արտադրել` օգտագործելով աւելի կատարելագործուած սարքեր: «Իրանը հիւլէական շանթաժը կ՛օգտագործէ իբրեւ բանակցային մարտավարութիւն, եւ անոր պէտք է պատասխանել` անմիջապէս դադրեցնելով բանակցութիւնները եւ խիստ քայլերու ձեռնարկելով», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Լաւրով Կը Շեշտէ, Որ Ռուսիա Յարձակում  Պիտի Չգործէ Ուքրանիոյ Վրայ

Լաւրով Կը Շեշտէ, Որ Ռուսիա Յարձակում Պիտի Չգործէ Ուքրանիոյ Վրայ

Երէկ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ համար բացարձակապէս անընդունելի են ՕԹԱՆ-ի ընդարձակման ծրագիրները եւ դրացի երկիրները Մոսկուայի դէմ հակասութիւններու զինադաշտ դարձնելու փորձերը: «2008-ին Պուքրէշի վեհաժողովին ընթացքին ընդունուած որոշումները` Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ հաւանական անդամակցութեան մասին, ականներ դրին եւրոպական անվտանգութեան ամէնէն խոր հիմքին մէջ», յայտնեց Լաւրով: «Անոնք, որոնք գոց սորված կը կրկնեն...

Պլինքըն. «Ռուսիա Ռազմական  Գործողութիւններու  Ծրագիրներ Մշակած Է Ուքրանիոյ Դէմ»

Պլինքըն. «Ռուսիա Ռազմական Գործողութիւններու Ծրագիրներ Մշակած Է Ուքրանիոյ Դէմ»

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վկայեն, որ Ռուսիա ծրագիրներ կը մշակէ Ուքրանիոյ դէմ: «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք այն ապացոյցներով, որոնք կը փաստեն, որ Ռուսիա զգալի յարձակողական քայլերու ծրագիրներ մշակած է Ուքրանիոյ դէմ: Ծրագիրները կը ներառեն Ուքրանիան ներսէն ապակայունացնելու փորձեր, ինչպէս նաեւ...

Պլինքըն Եւ Լաւրով Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Հարցը

Պլինքըն-Լաւրով Հանդիպումի Նախօրեակին. Ուքրանիոյ Գծով Լարուածութիւնը Կը Սրի` Սպառնալով Պաղ Պատերազմի Վերածուիլ

Ուքրանիոյ գծով հակասական կեցուածքները օր ըստ օրէ կը սաստկանան` լարուած մթնոլորտ ստեղծելով շրջանի պատկան երկիրներուն միջեւ: Արդարեւ, Ուքրանիա աւելի քան 125 հազար հաշուող զօրք տեղակայած է Ռուսիոյ սահմանակից Տոնպասի շրջանին մէջ: Փոխադարձաբար, Ռուսիա շեշտած է իր զինուորական ներկայութիւնը Ուքրանիոյ հետ սահմանի երկայնքին: Ըստ լրագրող Անտրէ Անթիքովի, ՕԹԱՆ-ի ենթակառոյցի զինամթերքի տեղակայումը Ռուսիոյ շուրջ համազօր է Ռուսիոյ դէմ շրջափակման: Նոյն ծիրին մէջ,...

Սուրիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Արեւմտեան Հայաստանը

Ուշագրաւ Քայլով Մը. Սուրիոյ Խորհրդարանը Պահանջեց Ալեքսանտրէթի Վերադարձը Սուրիական Իշխանութեան

Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ ուշագրաւ քայլով մը արծարծեց Ալեքսանտրէթի (Իսքենտերուն) նահանգին վերամիացման պահանջը` նշելով, որ անիկա սուրիական տարածքին մաս կը կազմէ: Երբեմնի հոգեւոր նստավայր դարձած Անտիոքը օսմանեան իշխանութեան շրջանին մաս կազմած էր թրքական տիրակալութեան: 1939-ին, Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնագիրով արաբական ուժերու կողմէ ազատագրուած Ալեքսանտրէթը փոխանցուեցաւ Թուրքիոյ, որ զայն փութաց Հաթայ կոչել` թրքացման իր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Կը նախատեսուի, որ սուրիական այս...

Վիեննայի Մէջ Իրանի Հիւլէական  Թղթածրարին Շուրջ  Քննարկումը  Կը Շարունակուի

Վիեննայի Մէջ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Քննարկումը Կը Շարունակուի

«Կարելի չէ հաւանութիւն տալ առանց փոխադարձ յանձնառութեան», յայտնեց իրանցի փորձագէտ Իմատ Ապիշնաս երէկ` չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» լրատուական կայանի արաբերէն բաժինին: Ան նշեց, որ Իրան Վիեննայի բանակցութիւններուն կը մասնակցի հիմնականին մէջ պահանջելով Իրանի դէմ տնօրինուած պատժամիջոցներու վերացումը: Իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը հերքեց, թէ նախատեսուող համաձայնագիրին 70-80 առ հարիւրը բանաձեւուած է` նշելով, որ տակաւին պատժամիջոցներու հարցը չէ յստակացած, իսկ Իրան...

Օլիանով. «Միացեալ Նահանգներ  Տրամադիր Են Վերացնել Իրանի Դէմ  Բոլոր Պատժամիջոցները, Պայմանով Որ…»

Օլիանով. «Միացեալ Նահանգներ Տրամադիր Են Վերացնել Իրանի Դէմ Բոլոր Պատժամիջոցները, Պայմանով Որ…»

Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ նախանցեալ օր շարունակուեցան Իրանի եւ 4+1 պետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հիւլէական թղթածրարի բանակցութիւնները: Այս առիթով Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Միխայիլ Օլիանով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ տրամադիր են վերացնել Իրանի դէմ տնօրինուած բոլոր պատժամիջոցները, պայմանով, որ Իրան լրիւ յանձնառութիւն ցուցաբերէ այս գծով ստորագրուելիք համաձայնութեան կիրարկման գծով: Արդարեւ, բանակցութիւններուն մասնակից եւրոպացի դիւանագէտներուն կարծիքով, Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ կնքուելիք համաձայնութեան 70-էն 80...

Լաւրով. «Յոյսով Եմ, Որ Զելենսքիի Վարչակազմը  Չի Կրկներ Սահակաշվիլիի 2008-ի Սխալը»

Լաւրով. «Յոյսով Եմ, Որ Զելենսքիի Վարչակազմը Չի Կրկներ Սահակաշվիլիի 2008-ի Սխալը»

«Մենք իրաւունք չունինք բացառելու այն կարելիութիւնը, որ Քիեւի վարչակազմը կրնայ չդիմանալ եւ դիմել զինուորական արկածախնդրութեան», 30 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Մոսկուան տագնապի մէջ ներքաշուելու ցանկութիւն չունի, սակայն աւելցուցած է. «Եթէ Արեւմուտքը չկարենայ զսպել Ուքրանիան, այլ հակառակը` հանդէս գայ դրդողի դերին մէջ, մենք մեր անվտանգութեան յուսալի ապահովման նպատակով պիտի...

Ազրպէյճանի Մէջ Զինուորական Ուղղաթիռի  Արկածի Հետեւանքով 14 Հոգի Մահացած Է,  Անոնց Շարքին` Բարձրաստիճան Սպաներ

Ազրպէյճանի Մէջ Զինուորական Ուղղաթիռի Արկածի Հետեւանքով 14 Հոգի Մահացած Է, Անոնց Շարքին` Բարձրաստիճան Սպաներ

Երէկ` 30 նոյեմբեր 2021-ին, Ազրպէյճանի Խըզըյի շրջանին մէջ գտնուող «Ղարահէյպաթ» զինուորական օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով 14 հոգի մահացած է, կը հաղորդէ երկրի Պետական սահմանապահ ծառայութիւնը: Ազրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան համաձայն, արկածի 14 մահացածներէն 13-ը սպաներ են, այդ կարգին` մէկ գնդապետ, մէկ փոխգնդապետ, հինգ հազարապետ եւ չորս քափիթեն: Նոյն աղբիւրին հաղորդումով` երկու այլ զինուորականներ տարբեր աստիճանի վնասուածքներով տեղափոխուած...

Իրաքցի Մը Ցկեանս Բանտարկութեան  Կը Դատապարտուի` «Եզիտիներու Դէմ  Ցեղասպանութեան» Յանցանքով

Իրաքցի Մը Ցկեանս Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի` «Եզիտիներու Դէմ Ցեղասպանութեան» Յանցանքով

ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 29-ամեայ իրաքցի մը` Թահա Ճումայլի, ցկեանս բանտարկութեան վճիռ ստացաւ «եզիտիներու դէմ ցեղասպանութեան յանցանքով»: Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքի դատարանը առկախեց վճիռին ընթերցումը, երբ դատապարտեալը ուշքը կորսնցուց` լսելէ ետք իր դէմ արձակուած վճիռը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, որ այս քայլը նախընթաց մը կը կազմէ եզիտիներոու դէմ գործուած յարձակումներու եւ ջարդերու շուրջ կատարուող հետաքննութեանց ծիրին մէջ: ՄԱԿ-ի հետաքննիչներ հաստատած...

Աշխարհի Նորագոյն Պետութիւնը` Պարպատոս  Հրաժեշտ Կու Տայ Գաղութարար Բրիտանիոյ

Աշխարհի Նորագոյն Պետութիւնը` Պարպատոս Հրաժեշտ Կու Տայ Գաղութարար Բրիտանիոյ

Երէկ` երեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2021-ին, յայտարարուեցաւ Քարիպեան կղզիներէն Պարպատոս նորագոյն պետութիւնը` հրաժեշտ տալով երկար ատենէ ի վեր իր վրայ իշխող գաղութարար Բրիտանիոյ տիրակալութեան: Պարպատոս իր անկախութիւնը հռչակած էր 1966-ին, սակայն ցարդ կը մնար Բրիտանիոյ իշխանութեան տակ: 13 ամիս առաջ անիկա սահմանադրականօրէն անկախ հռչակեց ինքզինք, իսկ անցնող հոկտեմբերին Պարպատոսի խորհրդարանը պատմական քայլով մը երկու երրորդ մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան հռչակման...

Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ  Եւ Իսրայէլի Մասնակցութեամբ «Օդային  Պարեկութիւն» Կատարուած Է

Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Մասնակցութեամբ «Օդային Պարեկութիւն» Կատարուած Է

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը` ՍԵՆԹՔՈՄ-ը յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող «Սի-1 Պի Լանսըր» տիպի ռմբաձիգ մը Միջին Արեւելքի մէջ կատարած է «օդային պարեկութիւն» մը, որուն մասնակցած են Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի օդուժներէն օդանաւեր: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մաքենզի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ առաքելութիւնը ռմբաձիգներու համար էր եւ այս տարի ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան գործողութիւններու...

Հնդկաստանը 2022 Թուականին Աշխարհի  Երկիրներուն Համար Աւելի Քան  5 Միլիառ Պատուաստանիւթ Պիտի Արտադրէ

Հնդկաստանը 2022 Թուականին Աշխարհի Երկիրներուն Համար Աւելի Քան 5 Միլիառ Պատուաստանիւթ Պիտի Արտադրէ

Հնդկաստանը մտադիր է յաջորդ տարի «Քորոնա» ժահրին դէմ աւելի քան 5 միլիառ պատուաստանիւթ արտադրել աշխարհի երկիրներու համար եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կոչ կ՛ուղղէ` կարելի եղածին չափ արագ ճանչնալու հնդկական արտադրութիւն եղող պատուաստանիւթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Քսաններու վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի: «Հնդկաստանը միշտ լուրջ վերաբերած է իր համաշխարհային պարտաւորութիւններուն: Ես այսօր կ՛ուզեմ...

Ֆրանսական Կառավարութիւնը «Քորոնա»-ի Դէմ  Պայքարին Մասնակից Ֆրանսա Բնակող  12 Հազար Անձերու Քաղաքացիութիւն Կը Շնորհէ

Ֆրանսական Կառավարութիւնը «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Մասնակից Ֆրանսա Բնակող 12 Հազար Անձերու Քաղաքացիութիւն Կը Շնորհէ

Ֆրանսական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ գտնուող աւելի քան 12 հազար օտարահպատակներուն քաղաքացիութիւն կը շնորհէ, «Քորոնա» ժահրի տագնապի ընթացքին անոնց մատուցած ծառայութիւններուն իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարի քաղաքացիութեան հարցերով տեղակալ Մարլին Շիայա յայտնեց, որ 16 հազար հիմնական ծառայութիւններու մէջ աշխատող անձեր անցեալ տարի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացուցած են համաձայն յատուկ ծրագիրի մը, որ...

Ըստ «Տի Վելթ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կը Սերտէ  Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական  Առաքելութեան Ստեղծումը

Ըստ «Տի Վելթ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Կը Սերտէ Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Առաքելութեան Ստեղծումը

Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ անկախ զինուորական, ուսումնական առաքելութիւն ստեղծել «Եւրոպական Միութեան զինուորական խորհրդատուական եւ ուսումնական առաքելութիւն Ուքրանիոյ մէջ» խորագիրով: Ռուսական «Քոմերսանթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Արտաքին հարցերով եւրոպական ծառայութեան ներքին փաստաթուղթը: Փաստաթուղթին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը այդպիսով կը ձգտի աջակցիլ ուքրանացի զինուորներու վերապատրաստման, իսկ առաքելութեան ստեղծումը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ Ռուսիոյ...

Page 297 of 883 1 … 296 297 298 … 883

Արխիւներ