Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը` Կիպրոսի Մէջ

December 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը այցելեց Կիպրոս: Ան օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ: Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք պապը ուղղուեցաւ մարոնիներու Շնորհքներու Տիրամայր եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի կաթողիկէ կղերական դասին հետ` ներկայութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին եւ Երուսաղէմի լատիններու Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա պատրիարքին:

Նշենք, որ Հռոմէն Լառնաքա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին սրբազան քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց իրեն հետ ճամբորդող 77 լրագրողներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար եւ նշելով, որ «ճամբորդութիւնը գեղեցիկ է, բայց նաեւ պիտի դպչինք վէրքերուն»:

«Ես կը յուսամ, որ մենք բոլորս կարենանք ընկալել պատգամները, զորս այնտեղ պիտի գտնենք», ըսաւ պապը:

Ֆրանչիսկոս պապը ափսոսանք յայտնեց Կիպրոսի «սարսափելի ճեղքուածք»-ին համար` միաժամանակ կոչ ուղղելով Եւրոպայի մէջ աւելի լայն միասնութեան` ազգայնականութեան եւ «վախի պատերու» փոխարէն, քանի որ ցամաքամասը կը դիմագրաւէ ապաստան փնտռողներու եւ գաղթականներու մեծ հոսք:

«Մենք պէտք է ողջունենք ու ընդունինք զիրար եւ միասին քալենք իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր` բոլորս», ըսաւ ան:

«Իբրեւ համերաշխութեան նշան անոնց համար, որոնք կը փախչին աղքատութենէն եւ տագնապէն, կ՛ակնկալուի, որ պապը Կիպրոսի մէջ գտնուող 50 գաղթականներու առաջարկէ Իտալիոյ մէջ նոր կեանք ապրելու կարելիութիւն», ըսած է Կիպրոսի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Հրաժեշտի Արարողութիւն` Նուիրուած Անկելա Մերքելին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ը Աշխարհին Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու Ողիմպիականի Զինադադարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.