Իրանը մեծ պետութիւններուն երկու առաջարկ ներկայացուցած է 2015-ի հիւլէական ծրագիրին վերադառնալու շուրջ. այժմ բանակցութիւններուն միւս կողմերը պէտք է ծանօթանան այդ փաստաթուղթերուն, յայտարարած է Իրանի գլխաւոր բանագնաց Ալի Պաղերի:
Ըստ անոր, առաջարկը կը վերաբերի երկու նիւթերու` խիստ կոշտ պատժամիջոցներու վերացման եւ իւրանիոմի հարստացման շուրջ տարակարծութիւններուն:
2015-ին ստորագրուած համաձայնագիրով Թեհրանը համաձայնած էր դադրեցնել իւրանիոմի հարստացումը` արեւմտեան պատժամիջոցներու սառեցումին դիմաց: Սակայն, երեք տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ միակողմանի դուրս եկած էր գործարքէն` վերականգնելով պատժամիջոցները:
Թեհրանը, իբրեւ պատասխան, հրաժարած էր իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն: Նախագահ Ճօ Պայտընի օրով կողմերը սկսած են բանակցութիւններու` գործարքին վերադառնալու համար, առայժմ` առանց էական արդիւնքներու: