Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Սթոքհոլմի մէջ քննարկեցին ջանքերու համակարգումը կարգ մը ուղղութիւններով, որոնց շարքին` Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի հետագայ կայունացումը:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Չաւուշօղլու եւ Լաւրով քննարկած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
«Արտաքին գործոց նախարարները համադրած են մօտեցումները երկկողմանի յարաբերութիւններու առանցքային հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած են ջանքերու համակարգումը շրջանային ուղղութիւններով, որոնց շարքին` Հարաւային Կովկասի մէջ», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: