Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տի Վելթ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Կը Սերտէ Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Առաքելութեան Ստեղծումը

December 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ անկախ զինուորական, ուսումնական առաքելութիւն ստեղծել «Եւրոպական Միութեան զինուորական խորհրդատուական եւ ուսումնական առաքելութիւն Ուքրանիոյ մէջ» խորագիրով: Ռուսական «Քոմերսանթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Արտաքին հարցերով եւրոպական ծառայութեան ներքին փաստաթուղթը:

Փաստաթուղթին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը այդպիսով կը ձգտի աջակցիլ ուքրանացի զինուորներու վերապատրաստման, իսկ առաքելութեան ստեղծումը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ Ռուսիոյ կողմէ «շարունակուող զինուորական գործունէութեամբ»:

Գերմանական օրաթերթին տուեալներով` յուլիսի վերջին Ուքրանիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները գաղտնի նամակներ գրած են եւրոպական քաղաքականութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելին` խնդրելով Եւրոպական Միութեան ռազմաուսումնական առաքելութիւն տրամադրել: Քիեւի ներկայացուցած գլխաւոր պատճառաբանութիւնը այն էր, որ ապրիլին Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ աւելի քան 300.000 ռուս զինուոր տեղակայուած եղած է:

Ներկայ պահուս Ուքրանիոյ մէջ կը գործեն երկու քաղաքացիական առաքելութիւններ, որոնցմէ մեծագոյնը Եւրոպական Միութեան խորհրդատուական առաքելութիւնն է: Ատիկա գործարկուած է 2013 թուականին` Խրիմի Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկուելէն ետք:

Նախորդը

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Չինական Զինուորական Օդանաւեր Էջք Կատարած Են Աֆղանական «Պակրամ» Ռազմակայանին Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսական Կառավարութիւնը «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Մասնակից Ֆրանսա Բնակող 12 Հազար Անձերու Քաղաքացիութիւն Կը Շնորհէ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.