Միջազգային

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի.  Չինական Զինուորական Օդանաւեր Էջք  Կատարած Են Աֆղանական  «Պակրամ» Ռազմակայանին Մէջ

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Չինական Զինուորական Օդանաւեր Էջք Կատարած Են Աֆղանական «Պակրամ» Ռազմակայանին Մէջ

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ չինական զինուորական օդանաւեր էջք կատարած են Պակրամի մէջ աֆղանական ռազմակայան, ուրկէ յուլիսին հեռացած էին ամերիկեան ուժերը: «Տէյլի Մէյլ» իր սեփական աղբիւրները մէջբերելով նշեց, որ չինական զինուորական պատերազմական օդանաւերը երեւցած են Պակրամի օդուժի ռազմակայանին մէջ, որուն ելեկտրականութեան մատակարարումը, նոյն ատեն, վերականգնուած է: «Ըստ ոչ հաստատ տեղեկութիւններու, Միացեալ Նահանգներու նախկին կեդրոնատեղին գրաւածները կրնան չիները ըլլալ», նշած...

Էրտողան.  «Թուրքիա Իսրայէլի Եւ Եգիպտոսի Հետ  Պիտի Ձեռնարկէ Բանակցութեանց Նոր Փուլի»

Էրտողան. «Թուրքիա Իսրայէլի Եւ Եգիպտոսի Հետ Պիտի Ձեռնարկէ Բանակցութեանց Նոր Փուլի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ կնքուած համաձայնութեանց օրինակով, մերձեցման  նման քայլերու  պիտի ձեռնարկէ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ թրքական տեղական աղբիւրներու եւ «Էն.Թի.Վի» կայանին կը վերագրէ իր տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքմենիստանէն վերադարձին Էրտողան յայտնած է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Թուրքիոյ մէջ տասը միլիառ տոլարի շահարկման  ներդրում կատարելու ծրագիր մշակած են, ինչ...

Վիեննայի Մէջ Սկսաւ Իրանի Հիւլէական  Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւններու  Եօթներորդ Փուլը

Վիեննայի Մէջ Սկսաւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւններու Եօթներորդ Փուլը

Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբեր 2021-ին, Վիեննայի մէջ սկսաւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու եօթներորդ փուլը: Այս գծով դրսեւորուեցան թեր ու դէմ կեցուածքներ: Իրանեան աղբիւրներ «դիւանագիտական յաղթանակ» որակեցին բանակցութեանց վերսկսումը, ուր Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Պաքեր Քանի յաջողեցաւ համոզել հինգ գերպետութեանց ներկայացուցիչները` նախապայման դնելով բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան քննարկել Իրանի դէմ տնօրինուած ամերիկեան պատժամիջոցներու հարցը: Եռօրեայ այս խորհրդակցութեանց առանցքային օրակարգ կը նկատուին նշեալ պատժամիջոցներն...

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

Կութիերես Կ՛ողջունէ Սոչիի Եռակողմ Յայտարարութիւնը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր  քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունած է 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ  Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը` կարեւոր նկատելով անոնց եռակողմ յայտարարութիւնը: Կութիերեսի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք, որ հաղորդեց լուրը, աւելցուց. «Ան գոհունակութեամբ կը  նշէ Ռուսիոյ դերը շփումներու եւ երկխօսութեան շարունակման նպաստելու գծով»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը «կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը, ըստ որուն` ամուր խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան...

«Փութին Ամէն Բան Կ՛ընէ Պատերազմը Դադրեցնելու  Եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը  Խաղաղ Հուն Տեղափոխելու Համար»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Փեսքով. «Ռուսիա Մտադիր Չէ Յարձակում Գործել Որեւէ Երկրի Վրայ»

Քրեմլինի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց` Ռուսիա կը ծրագրէ յարձակում գործել Ուքրանիոյ վրայ: «Ռուսիա մտադիր չէ յարձակում գործել Ուքրանիոյ կամ որեւէ այլ երկրի վրայ», շեշտեց Փեսքով` դիտել տալով, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զիլինսքիի «հրահրած ջղաձիգ աղմուկը անհիմն է»: Փեսքով նշեց. «Անկլոսաքսոն լրատուական աղբիւրներու եւ ուքրանացի ղեկավարներու ու անոնց նախագահին կողմէ հրահրուող աղմուկը բացարձակապէս անընդունելի է»:...

Զախարովա. «Ռուսիան Կ՛աջակցի Կովկասի Մէջ  3+3 Ձեւաչափով Մեքանիզմ Ստեղծելու Գաղափարին»

Զախարովա. «Քազզաֆիի` Ընտրական Թեկնածուներու Ցանկէն Հեռացումը Մտահոգիչ Է»

«Կարգ մը հեղինակաւոր թեկնածուներու, որոնց կարգին նաեւ Սէյֆ էլ Իսլամ Քազզաֆիի` թեկնածուներու ցանկէն  հեռացումը մտահոգիչ է», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով  24 դեկտեմբերին նախատեսուող Լիպիոյ նախագահական նախընտրական արշաւին: Ըստ Զախարովայի, Սէյֆ էլ Իսլամ Քազզաֆի կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն, «ինչպէս որ կը հաստատեն վիճակագրական ընդհանուր տուեալները»: «Այս խտրականութիւնը մտահոգիչ է, որովհետեւ մենք միշտ կոչ կ՛ուղղենք հաւասար առիթ...

Իրան-Թուրքիա Վեհաժողովին Առիթով.  Էրտողան. «Սպիտակ Տունը Կը Զինէ  Շրջանի Ահաբեկչական Խմբաւորումները»

Իրան-Թուրքիա Վեհաժողովին Առիթով. Էրտողան. «Սպիտակ Տունը Կը Զինէ Շրջանի Ահաբեկչական Խմբաւորումները»

«Գործակցաբար կարելի է պաշտպանել շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ իր հանդիպման ընթացքին: Իրանեան պետական կայքին հաղորդումով` Էրտողան նշած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ճիգերը` շրջանի միւս երկիրներուն հետ համագործակցաբար կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը ամրապնդելու առումով: Իր կարգին, Իրանի նախագահը նշեց Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լայնածիր գործակցութեան կարելիութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս`...

«Իրան Կ՛ակնկալէ, Որ Ազրպէյճանը Արդիւնաւէտ  Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Իրանեան Բեռնակառքերու  Տարանցիկ Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Աշխապատի Համաժողովին Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Սոչիի Հանդիպման Արդիւնքները

Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ Ճէյհուն Պայրամով խորհրդակցած են շրջանի ընդհանուր իրավիճակին շուրջ, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին: Ազրպէյճանական լրատու աղբիւրներուն հաղորդումով, Սոչիի հանդիպումին արդիւնքներուն շուրջ քննարկումը տեղի ունեցած է Աշխապատի մէջ` Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին առիթով: Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննած...

«Օտար Գործակալներու» Վերագրելով  Թրքական Լիրայի Արժեզրկման Պատճառը`  Էրտողան. «Ինչ Որ Ալ Ընեն, Պիտի Յաղթահարենք  Տնտեսական Անկախութեան Պայքարը»

«Օտար Գործակալներու» Վերագրելով Թրքական Լիրայի Արժեզրկման Պատճառը` Էրտողան. «Ինչ Որ Ալ Ընեն, Պիտի Յաղթահարենք Տնտեսական Անկախութեան Պայքարը»

«Օտար գործակալներ կը հարուածեն մեզ, սակայն ինչ որ ալ ընեն, պիտի յաղթահարենք տնտեսական անկախութեան մեր պայքարը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` յայտնապէս «օտար գործակալներու» վերագրելով թրքական լիրային արժեզրկումը, որ վերջին օրերուն ահաւոր անկում կրեց, հասնելով մինչեւ 11,46 -ի սահմանը, ինչպէս հաստատեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լիրայի արժեզրկումը առաւել եւս սաստկացուց ընդդիմադիրներուն շարժումը, որոնք Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին...

Հռոմի Պապին Հետ Տեսակցելէ Ետք.  Ֆրանսայի Նախագահը  Պիտի Այցելէ Ծոցի Երկիրներ

Հռոմի Պապին Հետ Տեսակցելէ Ետք. Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Այցելէ Ծոցի Երկիրներ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յառաջիկայ դեկտեմբերի սկիզբը պիտի այցելէ Ծոցի կարգ մը երկիրներ: Էլիզէի նախագահական պալատը, որ հրապարակեց լուրը, հաղորդեց, որ 3 եւ 4 դեկտեմբերին Մաքրոն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Միւս կողմէ, նախագահ Մաքրոն  Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմի քահանայապետին եւ այլ բարձրաստիճան կղերականներու հետ: Հռոմի պապին հետ խորհրդակցութիւնները շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութեանց ամրապնդման կարեւորութիւնը: Խորհրդակցութիւնները նաեւ...

Քիեւն Ու Դաշնակիցները Կը Պնդեն.  «Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակումի Պարագային  Մոսկուան Շատ Ծանր Գին Պիտի Վճարէ»

Քիեւն Ու Դաշնակիցները Կը Պնդեն. «Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակումի Պարագային Մոսկուան Շատ Ծանր Գին Պիտի Վճարէ»

Պաշտօնական Քիեւն ու անոր արեւմտեան դաշնակիցները կը շարունակեն պնդել, թէ Ուքրանիոյ վրայ յարձակումի պարագային Մոսկուան շատ ծանր գին պիտի վճարէ: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան: «Գլխաւոր նպատակը Ռուսիոյ հետագայ յարձակումը զսպելն է: Մոսկուան պէտք է յստակօրէն պատկերացնէ, թէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային ինչ կորուստներու կրնայ հանդիպիլ յարձակումի նոր փուլի նախաձեռնելու պարագային», ըսած է Ուքրանիոյ արտաքին...

«Քորոնա»-ի «Օմիկրոն» Տարբերակը  Զօրաշարժի Մատնած Է Համաշխարհային  Առողջապահական Մարզը

«Քորոնա»-ի «Օմիկրոն» Տարբերակը Զօրաշարժի Մատնած Է Համաշխարհային Առողջապահական Մարզը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն, «Քորոնա» համավարակի նորագոյն տարբերակը, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ, կը թուի ըլլալ ամէնէն վտանգաւորը եւ մտահոգիչը: Կազմակերպութիւնը զգուշացուց պատկան կողմերը` թելադրելով փութալ ճամբորդութեան արգելքի կիրարկման: Արդէն իսկ կարգ մը երկիրներ` Բրիտանիա, Հոլանտա եւ այլն, երթեւեկի արգելք յայտարարած են Հարաւային Ափրիկէէն եւ մերձակայ երկիրներէն: Համավարակի հինգերորդ տարբերակը նկատուող այս ժահրը զօրաշարժի մատնած է աշխարհի...

Թուրքիան «Էֆ-16» Հալածիչներու Շուրջ  Բանակցութիւնները Դրական Կը Գնահատէ

Թուրքիան «Էֆ-16» Հալածիչներու Շուրջ Բանակցութիւնները Դրական Կը Գնահատէ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ «ԷՖ-16» հալածիչներու մատակարարման հարցով թրքական պատուիրակութեան բանակցութիւնները դրական եւ կառուցողական հունով ընթացած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար 16 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ թրքական զինուորական պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ «ԷՖ-16» հալածիչներու մատակարարման շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ: Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարած էր,...

Երկրագունդին Դէմ Կարողական Վտանգ  Ներկայացնող Երկնաքար Մը Կը Մօտենայ

Երկրագունդին Դէմ Կարողական Վտանգ Ներկայացնող Երկնաքար Մը Կը Մօտենայ

ՆԱՍԱ-ի Մերձերկրեան մարմիններու ուսումնասիրութեան կեդրոնը կը յայտնէ Երկիր մոլորակին ուղղութեամբ թռչող «2016 Ճէյ.Ճի.12» անունը կրող երկնաքարի մը մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Երկնաքարը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 3 մայիս 2016-ին: Անոր տրամագիծը 83-190 մեթր է: Բրիտանական «Տէյլի Սթար» լրատուական կայքը հաշուարկած է, որ անիկա «Լոնտոնի աչք» դիտանիւէն մեծ է: ՆԱՍԱ-ի կայքին վրայ կը նշուի, որ հետագայ...

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութեան Համաձայն.  Երկրագունդին Վրայ Պիտի Յայտնուի  Նոր Ժահր Մը, Զոր Սանձելը Անկարելի Պիտի Ըլլայ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Համաձայն. Երկրագունդին Վրայ Պիտի Յայտնուի Նոր Ժահր Մը, Զոր Սանձելը Անկարելի Պիտի Ըլլայ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս երկրագունդին վրայ նոր ժահրի մը յառաջացումը կը նախատեսէ: Ան այս մասին յայտնած է «Քսաններու խմբակ»-ի առողջապահութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին: «Կենսաբանական տեսանկիւնէն անվիճելի է, որ կրնայ յայտնուիլ այլ ժահր մը, զոր մենք պարզապէս ի վիճակի պիտի չըլլանք սանձելու», յայտարարած է Կեպրէյեսուս: Ան ընդգծած է, որ մարդկութիւնը պէտք է դասեր քաղէ...

Չինաստանի Նախագահին Հետ  Տեսաժողովի Ընթացքին.  «Միացեալ Նահանգներ Հաւատարիմ Են  «Մէկ Չինաստան»-Ի Քաղաքականութեան»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Չինաստանի Նախագահին Հետ Տեսաժողովի Ընթացքին. «Միացեալ Նահանգներ Հաւատարիմ Են «Մէկ Չինաստան»-Ի Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Պայտըն

Ուաշինկթըն հաւատարիմ է «Մէկ Չինաստան»-ի քաղաքականութեան սկզբունքին: «Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, այս մասին Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ տեսաժողովի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Աղբիւրին համաձայն, Պայտըն վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ձգտիր փոխել Չինաստանի համակարգը եւ չեն ձգտիր Չինաստանի դէմ դաշինքներ կազմել ու Չինաստանի հետ տագնապի մէջ մտնել: Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պայտըն ընդգծած է նաեւ,...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ Մէջ  Ներդրումներու Աջակցութեան Համար  10 Միլիառ Տոլարի Ֆոնտի Մը Հաստատումը Կը Յայտարարեն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ Մէջ Ներդրումներու Աջակցութեան Համար 10 Միլիառ Տոլարի Ֆոնտի Մը Հաստատումը Կը Յայտարարեն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ մէջ ներդրումներու աջակցութեան համար 10 միլիառ տոլարի ֆոնտի մը հաստատումը յայտարարեց: Էմիրաթական պետական «Ուամ» լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ֆոնտը պիտի կեդրոնանայ ռազմավարական ներդրումներու վրայ, որոնց շարքին են ուժանիւթի եւ առողջապահութեան մարզերը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրումային հիմնադրամի խորհուրդի ղեկավար Մոհամետ Հասան Սուէյտին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ ներդրումներու համար...

Վրաստանը Չի Քննարկեր «3+3» Ձեւաչափին  Մասնակցելու Կարելիութիւնը

Վրաստանը Չի Քննարկեր «3+3» Ձեւաչափին Մասնակցելու Կարելիութիւնը

Վրաստանի իշխանութիւնները չեն քննարկեր Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցով «3+3» բանակցային ձեւաչափին (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, առաւել Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) մասնակցելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի կառավարութեան չորեքշաբթի օր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Նշեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Վրաստանի վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէի եւ Ռուսիոյ ծերակուտական Կրիկորի Քարասինի հետ բանակցութիւններէն...

Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Կ՛ուզէ Երկրին Մէջ  Երկու Արտակարգ Ընտրութիւններու Կայացման Հասնիլ

Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Կ՛ուզէ Երկրին Մէջ Երկու Արտակարգ Ընտրութիւններու Կայացման Հասնիլ

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու մտադիր է հասնիլ անոր, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշում տայ երկրին մէջ արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քըլըճտարօղլու այս մասին խօսած է խորհրդարանին մէջ` անդրադառնալով երկրին մէջ տնտեսական կացութեան վատթարացման: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը յայտարարած է, որ պատրաստ է ամէն բան ընելու` Էրտողանին ընտրութիւններու երթալ...

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան.  Երկրագունդի Բնակչութիւնը Հեռու Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Հաւաքական Դիմադրողականութեան Ձեւաւորումէն

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութենէն Յայտնած Են, Թէ Որո՛նք Են «Քորոնա» Ժահրը Հիմնականօրէն Տարածողները

Չպատուաստուած մարդիկ «Քորոնա» ժահրը հիմնականօրէն տարածողներն են: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպական գրասենեակէն: «Չպատուաստուած մարդիկ ժահրի հիմնական տարածողներն են: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որոնք պատուաստման իրաւունք ունին, օգտուելու այդ կարելիութենէն եւ պարտադիր ամբողջական պատուաստման ընթացքէ անցնելու: Ատիկա յատկապէս կարեւոր է առաջնային խումբերու համար, ինչպէս օրինակ` 60 տարեկանէն բարձր տարիքի անձերու համար, ինչպէս նաեւ թոյլ դիմադրողականութիւն...

Page 298 of 883 1 … 297 298 299 … 883

Արխիւներ