«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կոչ ուղղած է աշխարհի պետութիւններուն անմիջապէս դադրեցնելու Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները` վկայակոչելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան այն յայտարարութիւնը, որ Թեհրան սկսած է հարստացուած իւրանիոմ արտադրել` օգտագործելով աւելի կատարելագործուած սարքեր:
«Իրանը հիւլէական շանթաժը կ՛օգտագործէ իբրեւ բանակցային մարտավարութիւն, եւ անոր պէտք է պատասխանել` անմիջապէս դադրեցնելով բանակցութիւնները եւ խիստ քայլերու ձեռնարկելով», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ զրոյցին ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթը:
Կը նշուի, որ Պենեթ Պլինքընին պատմած է Իրանի դէմ պատժամիջոցները չեղեալ յայտարարելու վերաբերեալ իր առարկութիւններուն մասին:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց վստահութիւն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի կատարէ իր խոստումը` թոյլ չտալով Իրանին հիւլէական զէնք արտադրել: «Չեմ կարծեր, որ մենք առանձին ենք: Կը կրկնեմ` Իրանի վրայ յարձակումը տարբերակ է, սակայն ատիկա պէտք չէ ըլլայ առաջինը», ըսած է Կանց: