Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնութեան Շուրջ Դիւանագիտութիւնը Թերեւս Քանի Մը Շաբաթէն Սպառի» Կ՛ըսէ Սալիվըն

December 24, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց գործընկերները Իրանի հետ հիւլէական հարցի լուծման դիւանագիտութեան տեւողութեան շրջագիծ մը կը քննարկեն` աւելցնելով, որ նոր համաձայնութեան մը հասնելու ներկայ ջանքերը թերեւս քանի մը շաբաթէն սպառին:

Սալիվըն Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Հրապարակաւ որոշակի ժամկէտ մը չենք ճշդեր, սակայն կրնամ ձեզ տեղեկացնել, որ մենք փակ դռներու ետին տեւողութեան շրջագիծ մը կը քննարկենք, եւ անիկա երկար չէ:

Ան հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի հետ, որ զգուշացուց Վիեննայի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ բանակցութիւններուն Իսրայէլի անվտանգութեան համար ունեցած «խոր հետեւանքներէն»:

Ըստ իսրայէլեան կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն ըսած է, որ Իսրայէլ այցելութիւնը տեղի ունեցած է «վճռական շրջադարձի» մը ընթացքին` աւելցնելով. «Կարեւոր է միասնաբար նստինք, միասնական ռազմավարութիւն մը եւ միասնական պատկերացում մը զարգացնենք, եւ քու երկրիդ շահերն ու իմ երկրիս շահերը հիմնական կերպով երաշխաւորող յառաջ ընթանալու ուղի մը գտնենք»:

Հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ անոնք քննարկած են «Իրանի ներկայացուցած սպառնալիքին բոլոր կողմերը, ներառեալ անոր հիւլէական ծրագիրը, շրջանի կայունութիւնը քայքայող անոր գործունէութիւնն ու անոր փոխարէն գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւնը» դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը «հաւասարապէս վճռակամ են Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք չձգելը երաշխաւորելու»:

Նախորդը

Թուրքիա Ձերբակալած Է Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Հիւպատոսարանէն Դիւանագէտ Մը` Սուրիացիի Մը Կեղծ Անցագիր Տրամադրելուն Համար

Յաջորդը

Խոստանալով Մօտ Օրէն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել` «Իսրայէլի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Մարզերուն Մէջ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.