Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստանալով Մօտ Օրէն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել` «Իսրայէլի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Մարզերուն Մէջ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան» Կ՛ըսէ Էրտողան

December 24, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ Թուրքիոյ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ «Իսլամական պետութիւններու մէջ ռաբբիներու դաշինք»-ի անդամներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները կը զարգանան: Ան նաեւ խոստացաւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները մօտ օրէն բնականոնացնել:

«Թուրքիոյ մեծագոյն փափաքը Միջին Արեւելք մըն է, ուր բոլոր կրօնական համայնքները, տարբեր ցեղային ու ազգային փոքրամասնութիւնները միասնաբար խաղաղութեամբ կ՛ապրին», նշեց Էրտողան:

«Իսրայէլեան կառավարութեան ուղղուած մեր զգուշացումները հարցերուն հետ Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան տեսանկիւնէն աշխատելու երաշխաւորումն է», շեշտեց ան:

«Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ, մասնաւորաբար Երուսաղէմի վերաբերեալ որդեգրուելիք որեւէ քայլ ո՛չ միայն պաղեստինցիներու անվտանգութեան ու կայունութեան պիտի նպաստէ, այլ նաեւ Իսրայէլը պիտի ներառէ: Ուստի վերջերս թէ՛ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի, թէ՛ վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի հետ դարձեալ վերականգնուած երկխօսութիւնը կարեւոր կը նկատեմ», յայտնեց Էրտողան:

Էրտողան մատնանշեց շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան մէջ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կենսական կարեւորութիւնը:

Ան վստահութիւն յայտնեց «Երուսաղէմի մէջ գտնելու լուծում մը, որ բոլոր կրօնական համայնքներուն զգայնութիւնները նկատի կ՛ունենայ»` շեշտելով, որ պէտք է բոլորը զօրակցին «մասնաւորաբար արեւմտեան երկիրներուն մէջ աճ արձանագրել սկսած» իսլամութեան նկատմամբ ատելութեան, հակասեմականութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարին:

Նախորդը

«Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնութեան Շուրջ Դիւանագիտութիւնը Թերեւս Քանի Մը Շաբաթէն Սպառի» Կ՛ըսէ Սալիվըն

Յաջորդը

«Պէտք Չէ Շրջանէն Դուրս Գտնուող Երկիրներէն Խնդրել, Որ Մեր Ճակատագիրը Որոշեն Եւ Մեր Խնդիրները Լուծեն» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.