Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Պատուիրակութիւնները Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Պահպանման Ուղղուած Քայլերը

December 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պատուիրակութեան անդամները Իրանի եւ Թուրքիոյ գործընկերներուն հետ քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման ուղղուած յստակ քայլերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ:

«Բանակցութիւններ վարած ենք թրքական պատուիրակութեան հետ: Մինչ այդ, բանակցած էինք իրանեան պատուիրակութեան հետ: Կառուցողական զրոյց ունեցած ենք բոլոր հարցերուն շուրջ», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, քննարկուած է կացութեան կայունացման հարցը, որպէսզի զինադադարի պահպանման բնական դրութիւնը պահպանուի: «Ատիկա կ՛առնչուի թէ՛ Իտլիպին, թէ՛ հարաւին, ներառեալ հիւսիսը գտնուող թուրք-սուրիական սահմանը, ուր վերջերս կը նկատուի մարտական բախումներու աշխուժացում», աւելցուցած է Լաւրենթիեւ:

Սուրիոյ մէջ զինադադարի երաշխաւոր երկիրներու` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները հանդիպած են Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Այման Սուսան վերոնշեալ հանդիպումի ընթացքին Անգարան պատասխանատու նկատած է իր երկրին մէջ տագնապի լուծման հոլովոյթի դանդաղ յառաջխաղացքին համար:

«Կարելի էր աւելի շինիչ արդիւնքներ ձեռք բերել, եթէ Անգարան յարգած ըլլար ռուսական կողմին դիմաց իր ստանձնած յանձնառութիւնները», նշեց Սուսան:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Ոչ Մէկ Պարագայի Պիտի Արտօնէ Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ենթակառոյցներու Տեղակայումը» Կ՛ըսէ Կաւրիլով

Յաջորդը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Արցախին Առնչուող Նիւթեր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.