Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Չինաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ Եւ Մալեզիոյ 37 Ընկերութիւններու Վրայ

December 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած է Չինաստանի ռազմաբժշկական հետազօտութիւններու ակադեմիային եւ ատոր 11 գիտահետազօտական հիմնարկներուն, ինչպէս նաեւ Չինաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Մալեզիոյ շարք մը` ելեկտրոնային մարզով զբաղող ընկերութիւններուն վրայ: Փաստաթուղթը հրապարակուած է նախարարութեան կայքին վրայ:

«Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան Արդիւնաբերութեան եւ անվտանգութեան գրասենեակը քայլերու ձեռնարկած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղղուած շարունակական սպառնալիքներու չէզոքացման ուղղութեամբ: Այդ սպառնալիքները առնչուած են Չինաստանի կենսաճարտարագիտութիւն եւ զինուորական օգտագործման այլ ճարտարագիտութիւններ զարգացնելու եւ կիրարկելու Չինաստանի ջանքերուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Առեւտուրի նախարարութեան փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Չինաստանի ակադեմիան եւ անոր 11 հիմնարկները «կը կիրարկեն կենսաճարտարագիտական հոլովոյթներ` աջակցելու չինական բանակին, ներառեալ ունին զէնք` ուղեղը կառավարելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ճինա Ռայմոնտոն ըսած է, որ Չինաստանը կ՛օգտագործէ կենսաճարտարագիտական եւ բժշկական նորարարութիւնները «իր ժողովուրդին վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու եւ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները ճնշելու համար»:

Ինչ կը վերաբերի ելեկտրոնային ընկերութիւններու դէմ պատժամիջոցներուն, մամլոյ ծառայութիւնը բացատրած է, որ նման որոշում տրուած է «ամերիկեան ապրանքները Իրանի զինուորական ծրագիրներուն վերափոխանցելու կամ վերափոխանցման փորձերու պատճառով»:

 

Նախորդը

«Մենք Ապացոյց Չունինք, Որ Իրան Որոշած Է Հիւլէական Ռումբ Ստեղծել» Կ՛ըսէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը

Յաջորդը

Փութին. «Ռուսիան Կարծր Կերպով Պիտի Հակադարձէ Իր Դէմ Կատարուող Որեւէ Թշնամական Քայլի»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.