Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկած են Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ միտքերու փոխանակման ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուած է կացութեան կայունացման եւ շրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն վերաբերեալ: Նշուած է, որ Ռուսիան ու Ֆրանսան այդ հարցերու շուրջ կը գործեն եւ մտադիր են ապագային ալ համակարգուած կերպով գործել», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ: