Միջազգային

Իրանը Երկու Առաջարկ Ներկայացուցած Է  Հիւլէական Ծրագիրին Վերադառնալու Շուրջ

Ըստ «Մեհր»-ի. Իրանեան Պատուիրակութիւնն ու «4+1»-ի Անդամները Ներկայիս Մէկ Բնագիրի Եւ Երեք Յաւելուածի Վրայ Կ՛աշխատին

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց մանրամասնութիւնները այն բնագիրներուն, որոնց շուրջ ներկայիս կողմերը կը բանակցին Վիեննայի մէջ իրանեան հիւլէական համաձայնագիրի վերաբերեալ բանակցութիւններուն ընթացքին: Ըստ «Մեհր»-ի տեղեկութեան, իրանեան պատուիրակութիւնն ու «1+4»-ի անդամները ներկայիս կ՛աշխատին մէկ բնագիրի եւ երեք յաւելուածի վրայ, եւ կը նախատեսուի, որ հիմնական բնագիրը բովանդակէ վերջնական «որոշում»-ն ու փոխադարձ հասկացողութիւններու ընդհանուր շրջագիծը, եւ կը պատրաստուի «աշխատանքային երրորդ խումբին, այսինքն` գործնական...

Թուրքիոյ Մէջ Պայթած Է Քերքուք-Ճէյհան Քարիւղատար Խողովակաշարը

Թուրքիոյ Մէջ Պայթած Է Քերքուք-Ճէյհան Քարիւղատար Խողովակաշարը

Մարաշ քաղաքին մէջ քարիւղատար խողովակաշար մը պայթած է, որուն հետեւանքով հրդեհ բռնկած է: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները: Քարիւղի ու բնական կազի առեւտուրի եւ տեղափոխման թրքական պետական ընկերութիւնը` ՊՈԹԱՇ-ը կը հաղորդէ, որ Իրաք-Թուրքիա քարիւղատար խողովակաշարի պայթումէն ետք անյապաղ դադրեցուած է վառելանիւթի հոսքը, քայլեր ձեռնարկուած են հրդեհը մարելու համար: «18 յունուար 2022-ին ժամը 19:30-ին, Իրաք-Թուրքիա...

«Իսրայէլ Պատրաստ Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Որեւէ Յարձակումի Դէմ Գաղտնի Սպասարկական Եւ Ապահովական Աջակցութիւն Տրամադրելու»  Կ՛ըսէ Պենեթ

«Իսրայէլ Պատրաստ Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Որեւէ Յարձակումի Դէմ Գաղտնի Սպասարկական Եւ Ապահովական Աջակցութիւն Տրամադրելու» Կ՛ըսէ Պենեթ

Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն աջակցելու` անոր քաղաքացիները յարձակումներէ պաշտպանելու համար: Ան այս մասին յայտնեց Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա շարժումին կողմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շրջաններուն վրայ կատարուած յարձակումէն ետք: Իսրայէլի վարչապետը Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանին իր յղած ցաւակցական նամակին մէջ յայտնեց. «Պատրաստ ենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տրամադրելու գաղտնի սպասարկական...

Ֆրանչիսկոս Պապը Լեհաստանի Եւ Պիլելոռուսիոյ Սահմանին Վրայ Մնացած Գաղթականներուն 113 Հազար Տոլար Նուիրատուութիւն Կատարեց

Ֆրանչիսկոս Պապը Լեհաստանի Եւ Պիլելոռուսիոյ Սահմանին Վրայ Մնացած Գաղթականներուն 113 Հազար Տոլար Նուիրատուութիւն Կատարեց

Վատիկանը յայտարարեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը Լեհաստանի եւ Պիելոռուսիոյ սահմաններուն վրայ մնացած գաղթականներուն 100 հազար եւրօ (113 հազար տոլար) նուիրատուութիւն կատարած է: Վատիկանի Մարդկային զարգացման ծառայութեան նախարարութիւնը, որ մասնաւորաբար գաղթականներու հարցերով կը զբաղի, հաղորդեց, որ պապը որոշած է 100 հազար եւրոյի նուիրատուութիւն կատարել Լեհաստանի եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ մնացած գաղթականներուն օժանդակելու համար: «Այս գումարին նպատակը նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններուն վրայ մնացած...

Էրտողան. «Իսրայէլի Նախագահը Կրնայ Թուրքիա Այցելել, Եւ Թել Աւիւի Հետ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Գործակցութեան Կարելիութիւն Գոյութիւն Ունի»

Էրտողան. «Իսրայէլի Նախագահը Կրնայ Թուրքիա Այցելել, Եւ Թել Աւիւի Հետ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Գործակցութեան Կարելիութիւն Գոյութիւն Ունի»

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ ինք հաղորդակցութեան մէջ է Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոքի հետ` նշելով, որ Իսրայէլի նախագահը կրնայ Թուրքիա այցելել: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Էրտողան նաեւ ակնարկեց Իսրայէլի հետ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ գործակցութեան կարելիութեան` նշելով, որ նպատակը դրական մօտեցումի ճամբով յառաջընթաց արձանագրելն է: «Մեր կարելին պիտի ընենք, եթէ ատիկա փոխադարձ շահի վրայ հիմնուած է», աւելցուց ան:

«Թուրքիան Պալքանեան Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւոր Երկիրներէն Մէկն Է, Եւ Պիտի Շարունակէ Այդ Ուղղութեամբ Իր Պարտաւորութիւնները Կատարել».  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պալքանեան Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւոր Երկիրներէն Մէկն Է, Եւ Պիտի Շարունակէ Այդ Ուղղութեամբ Իր Պարտաւորութիւնները Կատարել». Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ այդ երկրի վարչապետ Իտի Ռամայի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան Պալքաններուն մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան երաշխաւոր երկիրներէն մէկն է, եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր պարտաւորութիւնները կատարել, ճիշդ ինչպէս մինչեւ այսօր կատարած է` շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան համար»: «Կիւլեն ահաբեկչական եւ ձեռքերը անմեղներու արիւնով ներկուած...

Շուէտի Մէջ «Օմիքրոն»-ի Նոր Տարբերակ Յայտնաբերած Են

Շուէտի Մէջ «Օմիքրոն»-ի Նոր Տարբերակ Յայտնաբերած Են

Շուէտական Ուփսալա քաղաքի ակադեմական տարրալուծարանին մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով «Օմիքրոն» տարբերակի ենթատեսակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով շուէտական լրատուամիջոցներուն: Կը նշուի, որ տարբերակը յայտնաբերուած է երեք մարդու մօտ: «Օմիքրոն»-ի նոր ենթատեսակը ստացած է «Պի.Էյ.2» անունը: Ակադեմական տարրալուծարանի մանրէաբանութեան ամպիոնի վարիչ Եոհան Լեներսթատայի կարծիքով` տակաւին կանուխ է խօսիլ այդ ենթատեսակի վտանգին եւ կայունութեան աստիճանին մասին: «Քորոնա» ժահրի...

Պաքուէն Պիտի Սկսին Փոխադրակառքեր Աշխատիլ Դէպի Շուշի Եւ Ակնա

Պաքուէն Պիտի Սկսին Փոխադրակառքեր Աշխատիլ Դէպի Շուշի Եւ Ակնա

Ազրպէյճան 24 յունուարէն սկսեալ փոխադրակառքային երթուղի կը բանայ Պաքուէն դէպի Շուշի եւ Ակնա (Աղտամ): Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»-ը: Այնտեղ կրնան մեկնիլ միայն որոշակի կարգի քաղաքացիներ, որոնք յատուկ արտօնութիւններ ստացած են: Նախ եւ առաջ ատիկա կը վերաբերի այդ տարածքներուն մէջ աշխատողներուն: Միւս ցանկացողներուն պիտի արտօնուի ատիկա ընել տարին մէջ անգամ` դժբախտ պատահարներէն ապահովագրման գոյութեան պարագային: Փոխադրակառքերուն պիտի ուղեկցի ոստիկանութիւնը:...

Ազրպէյճանական Կողմին Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցած Է Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ազրպէյճանական Կողմին Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցած Է Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի կայքը: Կը հաղորդուի, որ հաշուի առնելով Իլհամ Ալիեւի վերջերս Ուքրանիա կատարած այցելութիւնը, քննարկուած են փակուղիի մէջ յայտնուած ներուքրանական կարգաւորման հարցերը: Փութին խօսած է Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն հետ Ռուսիոյ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու տրամադրման հարցերուն շուրջ իր հաղորդակցութիւններուն մասին:...

Էրտողան Դարձեալ Յայտարարած Է, Որ Թուրքիան Դէմ Է «Խրիմի Բռնագրաւման»

Էրտողան Դարձեալ Յայտարարած Է, Որ Թուրքիան Դէմ Է «Խրիմի Բռնագրաւման»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա ներխուժման հաւանականութեան` զայն անուանելով իրականութենէն հեռու: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Ալպանիա այցելութեան ընթացքին իրենց ուղեկցած լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Թուրքիոյ ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ մտադիր է Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը քննարկել Ազրպէյճանի նախագահին հետ, որ օրեր առաջ գտնուած է Քիեւի մէջ: Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է,...

Բրիտանական Ռազմափոխադրական Օդանաւերը Մէկ Օրուան Մէջ Դէպի Ուքրանիա Հինգ Թռիչք Կատարած Են

Բրիտանական Ռազմափոխադրական Օդանաւերը Մէկ Օրուան Մէջ Դէպի Ուքրանիա Հինգ Թռիչք Կատարած Են

Բրիտանիոյ Թագաւորական օդուժի «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր 3» ծանր ռազմափոխադրական առնուազն հինգ օդանաւեր վերջին օրուան ընթացքին դէպի Ուքրանիա թռիչքներ կատարած են: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛եզրակացուի արեւմտեան թռիչքներու աղբիւրներու տուեալներէն: Բրիտանական օդանաւերը, որոնք Անգլիոյ օդուժի «Պրայն Նորթըն» ռազմակայանէն թռիչք կատարած են, էջք կատարած են Քիեւի մէջ: Իւրաքանչիւր «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր 3»-ը կրնայ տեղափոխել մինչեւ 77,7 թոն բեռ: Նախապէս Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար...

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Այս Տարի Պիտի Սկսին Իգտիր-Նախիջեւան Կազատար Խողովակի Շինարարութիւնը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Այս Տարի Պիտի Սկսին Իգտիր-Նախիջեւան Կազատար Խողովակի Շինարարութիւնը

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը այս տարի պիտի սկսին գործադրութիւնը Նախիջեւան բնական կազի մատակարարման մասին յուշագիրին, որ ստորագրուած է 2020 թուականին երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն կողմէ: Այս մասին, ինչպէս «Արմէնփրես» կը նշէ, կը հաղորդէ թրքական «Սապահ»-ը: ՊՈԹԱՇ եւ ՍՈՔԱՐ ընկերութիւններուն կողմէ գործադրուող այս նախագիծին ծիրին մէջ Նախիջեւան բնական կազ պիտի մատակարարուի Թուրքիոյ Իգտիրի նահանգէն: Թրքական կողմէն ընդհանուր ներդրումը պիտի կազմէ 185 միլիոն...

Վտանգաւոր Քայլով Մը.   Եմէն Կը Հարուածէ Տուպայի Եւ Ապու Տապիի Շրջանները

Վտանգաւոր Քայլով Մը. Եմէն Կը Հարուածէ Տուպայի Եւ Ապու Տապիի Շրջանները

Եմէնի Հուսիներու շարժումը վտանգաւոր քայլով մը երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին քսան անօթաչու թռչող սարքերով եւ տասը հեռահար հռթիրներով հարուածեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` թիրախ ունենալով Ապու Տապի եւ Տուպայ քաղաքները, պատճառելով երեք զոհ եւ վեց վիրաւոր: Նախքան այդ, Ապու Տապիի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ առաւօտուն, Ապու Տապիի օդակայանին մօտ փոքր հրդեհ մը ծագած է, ինչպէս նաեւ քարիւղատար երեք փոխադրակառքեր  հրկիզուած են...

«Ուաշինկթըն Մտահոգ Է Ուքրանիոյ Հետ  Սահմանին Վրայ Ռուսական Զինուորական  Կուտակումներով»  Կ՛ըսէ Սալիւըն

Ճէյք Սալիվըն. «Եթէ Ռուսիան Կ՛ուզէ Դիւանագիտական Ճամբան, Մենք Պատրաստ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց, որ շաբթուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներ պիտի ներկայացնեն իրենց յաջորդ դիւանագիտական քայլերը` Ուքրանիոյ մէջ ռուսական սպառնալիքներուն եւ անվտանգութեան երաշխիքներու քննարկման առնչութեամբ: «Բայց առանցքային կէտը այստեղ այն է, որ մենք պատրաստ ենք որեւէ զարգացման: Եթէ Ռուսիան կ՛ուզէ ընթանալ դիւանագիտական ճամբով, մենք բացարձակապէս պատրաստ ենք ատիկա ընելու մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ միասին:...

Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ռուսիոյ Զօրքերու Տեղաբաշխման Պարագային Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Պիտի Հակազդեն

Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ռուսիոյ Զօրքերու Տեղաբաշխման Պարագային Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Պիտի Հակազդեն

Հարաւային Ամերիկայի մէջ Ռուսիոյ Ուժերու տեղաբաշխման պարագային Միացեալ Նահանգներու արձագանգը պիտի ըլլայ վճռական: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն: «Այս նիւթը կարելի չէ (Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին) արծարծել: Եթէ այդպիսի տեղաբաշխում տեղի ունենայ, ապա մենք վճռականօրէն պիտի հակազդենք», ըսած է ան Սպիտակ տան մէջ կայացած մամլոյ...

Միրզիյոյեւ Պատասխանած Է Լուքաշենքոյի` «Ուզպեքիստանը Պէտք Է Ղազախստանի Մէջ Վերջին Իրադարձութիւններէն Դասեր Քաղէ» Յայտարարութեան

Միրզիյոյեւ Պատասխանած Է Լուքաշենքոյի` «Ուզպեքիստանը Պէտք Է Ղազախստանի Մէջ Վերջին Իրադարձութիւններէն Դասեր Քաղէ» Յայտարարութեան

Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւ արձագանգած է իր պիելոռուս պաշտօնակից Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ Ուզպեքիստանը պէտք է Ղազախստանի վերջին իրադարձութիւններէն դասեր քաղէ: «Սփութնիք Ուզպեքիստան»-ը կը հաղորդէ, որ պետութեան ղեկավարը երկրի անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին Լուքաշենքոյի այս յայտարարութիւնը անհիմն որակած է եւ նշած, որ իշխանութիւնները ուշադիր կը հետեւին շրջանին մէջ տիրող կացութեան: «Վերջերս որոշ երկիրներու ղեկավարներ կատարեցին անհիմն յայտարարութիւններ, որ Ուզպեքիստանը...

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքի 12 Վակոն Դուրս Եկած Է Գիծերէն

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքի 12 Վակոն Դուրս Եկած Է Գիծերէն

Հնդկաստանի մէջ ճամբորդատար գնացքի 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն, այդ պատճառով ալ արձանագրուած է 9 զոհ եւ 70 վիրաւոր: «Նիուզ 18» կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած է Հիւսիսարեւելեան սահմանային երկաթուղիի ընդհանուր տնօրէն Անշուլ Կուփթան: Գնացքի արկածը տեղի ունեցած է Արեւմտեան Պենկալի նահանգին մէջ: Անծանօթ պատճառով 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն եւ իրարու բախած: Անոնցմէ երկուքը կողաշրջուած են:...

ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Առաջնահերթ Նկատած Է Ձգձգուած Տագնապներու Խաղաղ Լուծման Որոնումները

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Պիտի Այցելէ Ռուսիա

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու փետրուարի կէսերուն պիտի այցելէ Ռուսիա: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լուքաշ Եասինա: «Ամենայն հաւանականութեամբ 15 փետրուարին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը պիտի հանդիպի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին համար Մոսկուա այցելութիւնը սովորական ընթացակարգ է, ատիկա կապուած է այն բանին, որ...

Պլինքըն Իր «Խոր Մտահոգութիւն»-ը Կը Յայտնէ  Սուտանի Մէջ Բանակին  Իշխանութեան Տիրելուն Առնչութեամբ

«Ուքրանիոյ Վրայ Ռուսիոյ Հետագայ Յարձակումը Պիտի Ունենայ Արագ, Լուրջ Եւ Համակարգուած Հետեւանքներ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի հետ: Անոնք խօսած են Ուքրանիոյ սահմանին մօտ ռուսական զօրքերու կուտակման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Արտաքին գործոց նախարարը եւ գերագոյն յանձնակատարը քննարկած են ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու եւ եւրոպացի գործընկերներու հետ սերտ համակարգումը`...

«Գունաւոր Յեղափոխութեան Փորձի Պարագային ՀԱՊԿ-ն Անդամ Երկիրներու Պաշտպանութեան Պիտի Լծուի»                                                              Կ’ըսէ Մաթվիենքօ

«Գունաւոր Յեղափոխութեան Փորձի Պարագային ՀԱՊԿ-ն Անդամ Երկիրներու Պաշտպանութեան Պիտի Լծուի» Կ’ըսէ Մաթվիենքօ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) գունաւոր յեղափոխութեան փորձի պարագային պիտի ստանձնէ անդամ պետութիւններու պաշտպանութիւնը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն` «Մոսկուա, Քրեմլին, Փութին» հաղորդումին ընթացքին: «Մենք ցոյց տուինք, որ ՀԱՊԿ-ն լուրջ կազմակերպութիւն է, եւ որ անոնք պէտք է հաշուի նստին անոր հետ: ՀԱՊԿ-ի անդամ որեւէ...

Page 289 of 883 1 … 288 289 290 … 883

Արխիւներ