Էրտողան. «Ուքրանիոյ Բռնագրաւումը Շրջանի Անվտանգութեան Ոտնահարում Է, Եւ Կրնամ Փութինի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունենալ Կամ Մոսկուա Այցելել»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուրբաթօրեայ նամազէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մօտ օրէն Ուքրանիա պիտի այցելեմ, եւ թերեւս հեռաձայնով խօսիմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կամ Մոսկուա այցելեմ: Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ ձեւով կը շարունակուին»: «Ուքրանիոյ բռնագրաւումն ու անոր սահմաններուն ոտնահարումը շրջանի անվտանգութեան բացայայտ ոտնահարում մը կը նկատուի: Կրնանք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան համար միջնորդութիւն կատարել»,...




















