ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու փետրուարի կէսերուն պիտի այցելէ Ռուսիա: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լուքաշ Եասինա:
«Ամենայն հաւանականութեամբ 15 փետրուարին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը պիտի հանդիպի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին համար Մոսկուա այցելութիւնը սովորական ընթացակարգ է, ատիկա կապուած է այն բանին, որ Ռուսիան այս կազմակերպութեան կարեւորագոյն անդամ երկիրներէն է», ըսած է ան: