Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Դարձեալ Յայտարարած Է, Որ Թուրքիան Դէմ Է «Խրիմի Բռնագրաւման»

January 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա ներխուժման հաւանականութեան` զայն անուանելով իրականութենէն հեռու: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Ալպանիա այցելութեան ընթացքին իրենց ուղեկցած լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Թուրքիոյ ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ մտադիր է Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը քննարկել Ազրպէյճանի նախագահին հետ, որ օրեր առաջ գտնուած է Քիեւի մէջ:

Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ օտար հողերը բռնագրաւելու ձգտումը ցանկալի արդիւնքի պիտի չյանգեցնէ: «Օրինակի համար, Ռուսիան Ուքրանիոյ եւ Խրիմի մէջ ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած է: Փութինի հետ ամէն անգամ զրոյցի ժամանակ ես կը յայտարարեմ, որ Թուրքիան դէմ է Խրիմի բռնագրաւման: Այդ դիրքորոշումը Ռուսիոյ կը յայտնէ թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այսինքն, Թուրքիոյ այդ հարցով դիրքորոշումը յստակ է», ըսած է Էրտողան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն կ՛օժանդակեն:

«Ի՞նչ կը կատարուի մեր հարաւային սահմաններուն վրայ. Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանները տեղակայուած են դրացի երկրի զգալի հատուածին մէջ: Կան նաեւ ռուսական ռազմակայաններ: Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացիները գործօն կերպով կ՛աջակցին ահաբեկիչներուն: Ի հարկէ, Անգարան չի կրնար այս բոլոր գործընթացները անտեսել», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Էրտողանի համաձայն, ինք Սուրիոյ հարցը արծարծած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ անձնական հանդիպումի ժամանակ:

«Մեզի կ՛ըսեն, որ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն չկայ, եւ շուտով ուժերը դուրս պիտի բերուին Սուրիայէն: Ասիկա, ի հարկէ, ճիշդ չէ: Ռուսիան եւս ուժերը դուրս չի բերեր Սուրիայէն. եթէ Մոսկուան այսօր հրաժարի Սուրիոյ հարցին մէջ իր դիրքորոշումէն, ապա Պաշշար Ասատի վարչակարգը չի դիմանար», ընդգծած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Բրիտանական Ռազմափոխադրական Օդանաւերը Մէկ Օրուան Մէջ Դէպի Ուքրանիա Հինգ Թռիչք Կատարած Են

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Կողմին Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցած Է Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.