Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ այդ երկրի վարչապետ Իտի Ռամայի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան Պալքաններուն մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան երաշխաւոր երկիրներէն մէկն է, եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր պարտաւորութիւնները կատարել, ճիշդ ինչպէս մինչեւ այսօր կատարած է` շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան համար»:
«Կիւլեն ահաբեկչական եւ ձեռքերը անմեղներու արիւնով ներկուած կազմակերպութիւնը մեծ սպառնալիք կը ներկայացնէ իր գտնուած երկիրներուն եւ ոչ միայն Թուրքիոյ համար», ըսաւ ան` նշելով. «Ալպանիայէն կը սպասենք, որ յառաջիկայ փուլին իր հողերուն վրայ Կիւլեն խմբաւորման ցանցին դէմ արագ, շօշափելի եւ աւելի խիստ քայլերու դիմէ»:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ անցեալ տարի իր երկրին եւ Ալպանիոյ միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է շուրջ 68 առ հարիւրով ու հասած 853 միլիոն տոլարի: Ան նշեց, որ Թուրքիան կը փափաքի Ալպանիոյ հետ առեւտրական շրջանառութիւնը կարճ ժամանակի մէջ հասցնել միլիառ տոլարի:
«Պէտք է տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները առաւել եւս ամրապնդել», շեշտեց Էրտողան: