Շուէտական Ուփսալա քաղաքի ակադեմական տարրալուծարանին մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով «Օմիքրոն» տարբերակի ենթատեսակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով շուէտական լրատուամիջոցներուն:
Կը նշուի, որ տարբերակը յայտնաբերուած է երեք մարդու մօտ: «Օմիքրոն»-ի նոր ենթատեսակը ստացած է «Պի.Էյ.2» անունը:
Ակադեմական տարրալուծարանի մանրէաբանութեան ամպիոնի վարիչ Եոհան Լեներսթատայի կարծիքով` տակաւին կանուխ է խօսիլ այդ ենթատեսակի վտանգին եւ կայունութեան աստիճանին մասին:
«Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը տարածուած է աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով վարակման պարագաներ արձանագրուած են աշխարհի 100-է աւելի երկիրներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի գիտնականներուն տուեալներով` «Օմիքրոն»-ը կրնայ աւելի թեթեւ ընթացք ունենալ, որովհետեւ աւելի քիչ կ՛ազդէ թոքերուն վրայ: «Օմիքրոն»-ի ախտահարման հիմնական գօտիները քիթ-կոկորդն են ու վերին շնչուղիները:



