Բրիտանիոյ Թագաւորական օդուժի «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր 3» ծանր ռազմափոխադրական առնուազն հինգ օդանաւեր վերջին օրուան ընթացքին դէպի Ուքրանիա թռիչքներ կատարած են: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛եզրակացուի արեւմտեան թռիչքներու աղբիւրներու տուեալներէն:
Բրիտանական օդանաւերը, որոնք Անգլիոյ օդուժի «Պրայն Նորթըն» ռազմակայանէն թռիչք կատարած են, էջք կատարած են Քիեւի մէջ: Իւրաքանչիւր «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր 3»-ը կրնայ տեղափոխել մինչեւ 77,7 թոն բեռ:
Նախապէս Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըս, խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ Բրիտանիան հակահրասայլային սպառազինութիւն պիտի մատակարարէ Ուքրանիոյ: Բրիտանական ռազմափոխադրական օդանաւերը Ուքրանիա թռիչքներ կատարելու ժամանակ շրջանցած են Գերմանիոյ օդային տարածքը, որովհետեւ Պերլին դէմ արտայայտուած է դէպի Ուքրանիա զէնքի մատակարարումներուն: Անոնք անցած են Դանիոյ եւ Լեհաստանի վրայով:
Բացի ատկէ, մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու Հանթսվիլ քաղաքէն (Ալապամայի նահանգ) Լվով հասած է ուքրանական «Ան-24» ծանր փոխադրական օդանաւը: Հանթվիլ քաղաքին մօտ տեղակայուած է ամերիկեան բանակի Ռետսթոունի զինանոցը:
18 յունուարին Ուքրանիոյ երկինքին վրայ արձանագրուած է ամերիկեան օդուժի «Առ.Սի.-135Տապլիու Ռիվեթ Ճոյնթ» պատերազմական հետախուզական օդանաւի բազմաժամեայ թռիչքը: Օդանաւը երթեւեկած է Տոնպասի եւ Խրիմէն դէպի հիւսիս գտնուող սահմանազատման գիծի երկայնքին:



